Հունվ․ 24, 2013 | Տ. Ս. ՎՐԹԱՆԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (87-100)
ՄԱՀՆ ՈՒ ԹԱՂՈՒՄԸ Վրթանէս կաթողիկոսի մահուան եւ թաղման մասին։
Վրթանէսի արդիւնաւոր հայրապետութիւնը ութը տարի տեւեց, ինչպէս վերեւ հաշուեցինք (§ 89), եւ գրեթէ ութսունամեայ, կամ 79 տարեկան, կնքեց խաղաղութեամբ իր բազմաշխատ կեանքը, 41-ին, միշտ մեծամեծ դժուարութեանց հետ մաքառելով, եւ ամէն տեսակ պարագայից մէջ փորձառու եւ գործունեայ հովուի համբաւը արդարացնելով։ Մահուան տեղւոյն յիշատակութիւնը չունինք։
Հունվ․ 18, 2013 | Տ. Ս. ՎՐԹԱՆԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (87-100)
ՀԱՅՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐԸ – Վրթանէս հայրապետի կաթողիկոսութեան տարիների ճշգրտում։
Վրթանէս 333-ին հայրապետ հռչակուած ատեն 71 տարեկան եղած կ’ըլլայ, իսկ իր պաշտօնավարութեան տեւողութեան համար նշանակուած 15 տարին, դժուարին կը լինի պատմական հանգամանքներու համաձայնեցնել, ուստի ․․․
Հունվ․ 18, 2013 | Տ. Ս. ՎՐԹԱՆԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (87-100)
ԱՌԱՋԻՆ ԿԵԱՆՔԸ – Սուրբ Վրթանէսը մինչև կաթողիկոս դառնալը։
Վրթանէսի նախընթացային վրայ ալ խօսած գտնուեցանք, յիշելով իր ծնունդը (§ 46), առաջին կեանքը, եւ Հայաստան գալը (§ 73)։ Վրթանէս աշխարհիկ կեանք վարեց եւ ամուսնացաւ Կեսարիա եղած ատեն, բայց անորդի մնացած ըլլալով, աղօթքի եւ ուխտի դիմեց ․․․
Հունվ․ 17, 2013 | Տ. Ս. ԱՐԻՍՏԱԿԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (82-86)
ԱՐԻՍՏԱԿԷՍԻ ՄԱՀԸ – Արիստակէս հայրապետի մահուանն առնչուող պատմական իրադարձութիւնները․ Պատմութիւնը աղքատ է Արիստակէսի գործունէութեան մանրամասնութեանց մասին, եւ չի ներկայեր մեզի յատուկ եղելութիւններ նորա արդիւնաւորութիւնը բացատրելու համար։ Բայց ամենուն տեղ կրնայ անցնիլ իր հայրն ալ գերազանցած ըլլալուն վկայութիւնը (ԱԳԹ. 453)։
Հունվ․ 17, 2013 | Տ. Ս. ԱՐԻՍՏԱԿԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (82-86)
Ս․ Արիստակէս կաթողիկոսի նախընթաց կեանքը, մինչ կաթողիկոսանալը․ Արիստակէսի անցեալը փոքրիշատէ արդէն ակնարկուած ըլլալով, ընդարձակելու պէտք չունինք։ Գրիգորի եւ Մարիամի երկրորդ զաւակը, ծնաւ 264–ին մերձաւորապէս, եւ հօրը մեկնելէն ետքը մօրը հետ անցուց մանկութիւնը իր ծննդավայրը եղող Կեսարիայի մէջ։