ՊԱՐՍԿԱՍՏԱՆ ԵՐԹԱԼԸ (185)

Այդ դարձուածներուն մէջ անհնար է Սահակը անմասն ենթադրել։ Նա Խոսրովի առաջնորդելու իսկ կարողութիւնն ունէր, եւ քաղաքական գործերէ ալ ինքզինքը հեռու չէր պահեր, ուստի պարսիկներու աչքին կասկածելի պիտի երեւար։ Նոյնիսկ Խոսրովի վրայ գրուած մեղադրանքներէն մէկն ալ այն էր, որ...

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ (184)

Սահակ այդ դիրքին մէջ էր, երբ բարձրացաւ կաթողիկոսական աթոռը, միջոց մը աթոռը պարապ մնալէն ետքը՝ քաղաքական յարաբերութեանց բերմամբ, ինչպէս դիտեցինք (§ 179)։ Սահակի գահակալութիւնը տեղի կ’ունենայ 387-ին, ոչ Կեսարիոյ խօսք կար այլեւս, եւ ոչ ձեռնադրութեան։ Չենք ալ կրնար ճշդել,...

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐ (173)

Արշակի օրինակը ուրիշ շատ նախարարներ ալ հրապուրեց յունական բաժինը անցնիլ, ինչ որ Պարսից թագաւորին մտադրութիւնը գրաւեց, եւ իմանալով, որ անոնք կը սիրեն Արշակունի թագաւորի մը ներքեւ ըլլալ, ինքն ալ իր բաժնին մէջ, փոխանակ Պարսիկ մարզպան մը նշանակելու, հայ Արշակունի մը գլուխ...

ԽՈՍՐՈՎ ԿՈՏԱԿ (85)

ԽՈՍՐՈՎ ԿՈՏԱԿ – Խոսրով Կոտակի գահ բարձրանալու նախադրեալները․ Տրդատի սպանութիւնը դիւրութիւն ընծայեց նախարարներուն փառասիրական ձգտումներում, եւ գլխաւորներ՝ մանաւանդ սահմանագլուխներու կողմնապետներ, փութացին ինքնագլուխ իշխանութիւններ կազմել, որոնց մէջ յանուանէ կրնանք յիշել Սանատրուկը Փայտակարանի, Բակուրը Աղձնեաց, եւ Արքեղայոսը Ծոփաց նահանգներուն մէջ։

ԽՈՍՐՈՎԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ (45)

Հայոց արքայի Խոսրովի նենգութեամբ սպանութիւնը (10), ազգային պատմութենէն նոյնինքն Արտաշիրի նախաձեռնութեան կը վերագրուի (ԽՈՐ. 154), սակայն եթէ այն մինչեւ 259 պիտի յետաձգուի, Արտաշիր այլեւս կենդանի չէ, զի նոր ուսումնասիրութիւններ 242-ին կը հաւաստեն Արտաշիրի մահը եւ...