Մրտ․ 14, 2013 | ՏԷՐ ՇԱՀԱԿ Ա. ՄԱՆԱԶԿԵՐՏՑԻ (157-165)
Կեսարիոյ հետ յարաբերութեանց խնդիրին վերաբերեալները ամփոփելու համար, քանի մը մանր կէտեր ալ յիշենք։ Ներսէսի կենսագիրը կ’ըսէ, թէ` վիպէ վասն այսորիկ եւ Մեծն Սոկրատ պատմագիրն, եւ թէ` սուրբ ժողովն, որ եղեւ ի Կոստանդնուպոլիս սահմանեցին, զի Երուսաղէմ, Կիպրոս եւ Հայք...
Մրտ․ 14, 2013 | ՏԷՐ ՇԱՀԱԿ Ա. ՄԱՆԱԶԿԵՐՏՑԻ (157-165)
Կեսարիոյ եւ Հայոց աթոռներուն յարաբերութիւնները կ’երեւի թէ ուրիշ ժամանակներ ալ տեսակ մը խնդրոյ նիւթ եղած են, որ անոնց խզուելուն կերպ կերպ մեկնութիւններ փնտռուած են։ Ասոնցմէ մէկն է եւ այն ձեւը, զոր տուած է Ներսէսի հին կենսագիր մը, որուն հետեւած է նաեւ Պատմաբան...
Հուլ․ 8, 2012 | Տ. Ս. ԳՐԻԳՈՐ Ա. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ (44-81)
Աթոռներու ծագումին այդ սկզբունքը կը ծառայէ անոնց իւրաքանչիւրին իրաւասական սահմաններն ալ գծելու։ Հետեւապէս կրնանք եզրակացնել, թէ Պոնտոսի աթոռը կամ Կեսարիոյ արքեպիսկոպոսը, Հռոմէական կայսրութեան սահմաններէն դուրս իրաւասութիւն եւ իշխանութիւն չունէր։ Վասնզի Հայաստան ազատ...