ՊԱՊԻ ԿԵՆՑԱՂԸ (163)

Շահակի հայրապետութեան առաջին տարին Պապի թագաւորութեան վերջին տարին եղաւ։ Պապ մէկ կողմէն իր զեղխ եւ անառակ կեանքին հետեւող, եւ երիտասարդական անխորհուրդ թափէ վարուած, երկրին բարօրութեան հոգ տանող չէր. միւս կողմէ անձնասէր եւ շահասէր խորհրդականներէ շրջապատեալ լուրջ...

ՊԱՊԻ ԹԱԳԱՒՈՐԵԼԸ (143)

Արշակի վախճանին պատմութիւնը լրացնելով ետ դառնանք Հայաստանի դէպքերուն։ Արշակի եղած հրաւէրին խաբէութիւն մը ըլլալը, շուտով հասկցուեցաւ Հայաստանի մէջ, եւ Արշակի բերնով եկած գիրերուն ոչ ոք վստահութիւն ունեցաւ։ Նախարարներէն մի մասը ընտանիքնին հաւաքելով Յունաստան անցան,...

ԳՆԷԼԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ (128)

Գնէլը հեռացուած ըլլալը չէր բաւեր Տիրիթին նախանձը յագեցնելու, վասնզի Գնէլի ձիրքերը եւ առաւելութիւնները չէին դադրած, եւ դէպ իրեն եղած համակրութիւնը՝ միասին փոխադրած էր Առբերանի եւ Աղիովիտ հեռաւոր գաւառներն ալ, որ իրեն սահման նշանակուած էին։ Տիրիթ եւ Վարդան առիթ կ’առնէին...

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ (90)

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ – Վրթանէս կաթողիկոսի քաղաքական գործունեութեան մասին։

Վրթանէս հայրապետի գործունէութեան պարագաները ուսումնասիրելով կը տեսնենք անոր վրայ քաղաքական գործերու մէջ փորձառու յաջողակութիւն մը, որով գիտէ պետական եւ դիւանագիտական խնդիրներու մէջ նախաձեռնութիւն ստանձնել, եւ դժուարակնճիռ առիթները դիւրին լուծման յանգեցնել։

ԽՈՍՐՈՎ ԿՈՏԱԿ (85)

ԽՈՍՐՈՎ ԿՈՏԱԿ – Խոսրով Կոտակի գահ բարձրանալու նախադրեալները․ Տրդատի սպանութիւնը դիւրութիւն ընծայեց նախարարներուն փառասիրական ձգտումներում, եւ գլխաւորներ՝ մանաւանդ սահմանագլուխներու կողմնապետներ, փութացին ինքնագլուխ իշխանութիւններ կազմել, որոնց մէջ յանուանէ կրնանք յիշել Սանատրուկը Փայտակարանի, Բակուրը Աղձնեաց, եւ Արքեղայոսը Ծոփաց նահանգներուն մէջ։