ՆՇԱՆԱԳԻՐԵՐՈՒՆ ԵՏԵՒԷՆ (189)

Մեսրոպի տուած լուրը՝ Վռամշապուհի բերած տեղեկութիւններով զօրացած, ամէնքը քաջալերեց լրջօրէն գործի ձեռնարկել, եւ որոշուեցաւ յարմարագոյն անձ մը ղրկել, որպէսզի այդ նշանագիրք հայերէն լեզուոյ, կամ այդ նշանագրութիւնք յարմարեալ ի Դանիէլէ եպիսկոպոսէ, կամ թէ՝ այդ վաղնջուց գտեալ...

ԴԱՆԻԷԼ ԱՍՈՐԻ (107)

ԴԱՆԻԷԼ ԱՍՈՐԻ – Դանիէլ Ասորին կաթողիկոսական գահի թեկնածու․

Հարկաւ Տիրան ինքն ալ զգացուեցաւ, երբոր բորբոքեալ զայրոյթը անցաւ։ Անշուշտ չկրցաւ անտարբեր մնալ, երբոր Թորդանէ եկող գուժկանը՝ Յուսիկի մեռնելուն լուրը բերաւ։ Գուցէ եւ կեղծուպատիր վշտակցութեան եւ տարաժամ համակրութեան նշաններ ալ ուզեց տալ, զինք չքմեղելու, եւ Լուսաւորիչի թոռը սպաննած լինելու եղեռնական արատէն ինքզինքը արդարացնելու համար ազգային ընդհանուր մեղադրանաց առջեւ։