ՏԻՐԻԹԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ (129)

Արշակ ուղիղ ճամբէ շեղիլը հետեւանք եղած էր Տիրիթի քսութեանց, եւ իրօք ալ թագաւորներ երբեք չեն կրցած իրենց ուղղամտութիւնը պահել, երբոր իրենց իշխանութեան դէմ լարուած դաւաճանութեանց, սուտ թէ ստոյգ տեղեկութեանց դիմաց կը գտնուին։ Անգամ մըն ալ, որ շիտակ ճամբէն կը շեղին,...

ԳՆԷԼԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ (128)

Գնէլը հեռացուած ըլլալը չէր բաւեր Տիրիթին նախանձը յագեցնելու, վասնզի Գնէլի ձիրքերը եւ առաւելութիւնները չէին դադրած, եւ դէպ իրեն եղած համակրութիւնը՝ միասին փոխադրած էր Առբերանի եւ Աղիովիտ հեռաւոր գաւառներն ալ, որ իրեն սահման նշանակուած էին։ Տիրիթ եւ Վարդան առիթ կ’առնէին...

ՏԻՐԻԹԻ ՔՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (127)

Գնէլի առաւելութիւնները եւ ստացած համակրանքը ծանր եկան Տիրիթի, որ ցած բնաւորութեան վիճակեալ անձ մը կը նկարագրուի։ Գուցէ գաղտնի ցաւ մըն ալ ունէր իր սրտին մէջ, վասնզի Տիրանի անդրանիկին՝ Արտաշէսի զաւակն ըլլալով, թագաւորութեան հասնելու գաղափարն ալ կը փայփայէր։ Սակայն իր...

ԳՆԷԼ ԵՒ ՏԻՐԻԹ (126)

Ներսէսի հայրապետական գործունէութեան առաջին տարիները խաղաղութեամբ եւ բարեկարգական աշխատութիւներով անցան։ Դրացի պետութեանց, Յունաց եւ Պարսից ալ հաշտ քաղաքականութիւնը նպաստեցին Հայաստանի հանդարտութեան, եւ Ներսէսի բարենորոգչական ջանքերուն։ Արշակի եւ Ներսէսի մէջ ալ...