ԳԻՐԻ ԳԻՒՏԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ (199)

Որչափ ալ մենք եղելութեանց միայն հետամուտ, անոնց մասին խորհրդածութեանց չենք մտներ, սակայն հնար չէ բոլորովին լուռ մնալ այն մեծ նշանակութեան մասին, զոր Հայ գիրի գիւտը եւ Հայ դպրութեան կազմութիւնն ունեցան մեր ազգին եւ մեր եկեղեցւոյն պահպանութեան եւ տեւողութեան վրայ։ Եթէ...

ՍԱՀԱԿԻ ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆԸ (193)

Փարպեցին այդ աշխատութիւնները Սահակի կը վերագրէ ամբողջապէս եւ ուղղակի, թէ նա եղաւ Հաբէլի բերած Դանիէլեան նշանագիրները պատշաճեցնողը։ Իրաւ նախ Մեսրոպ էր, որ հանդիպեցուցանէր զհայերէն աթութայսն ըստ կարգման սելովբայիցն յունաց, բայց ինքն չէր կրնար վերջնական հեղինակութեամբ...

ԳԻՒՏ ՆՇԽԱՐԱՑ (96)

ԳԻՒՏ ՆՇԽԱՐԱՑ (96) – Գրիգոր Լուսաւորչի նշխարները գտնելու մասին․

Այդ պարագան առիթ կու տայ մեզ խօսիլ Լուսաւորիչի ոսկորներուն կամ նշխարներուն գիւտին վրայ։ Եղելութիւնը ընդհանուր եւ համաձայն աւանդութեամբ հաստատուած է, ինչպէս եկեղեցական տօներուն կարգն ալ կը հաստատէ, որ փոխանակ ուղղակի Լուսաւորիչի անունին տօն մը ունենալու՝ իր մահուան յիշատակին, Գիւտ նշխարաց անունով ճանչցուած է նորա մեծ տօնը։