ԱՐՏԱԳԵՐՍԻ ՊԱՇԱՐՈՒՄԸ (144)

Շապուհ հազիւ թէ իմացաւ, որ Հայեր Յունաց կը դիմեն, եւ անոնց օգնութեամբ նոր թագաւոր կը նստեցնեն, ահեղ զօրութեամբ նոր արշաւանք մը պատրաստեց Հայոց դէմ։ Մեհրուժան-Կիւլակէսը իրեն Որմիզդուխտ աղջկան հետ ամուսնացնելով ի նա հաւատաց զաշխարհս (ԽՈՐ. 223), որ է ըսել թէ զայն մարզպան...

ԱՐՇԱԿԻ ՄԱՀԸ (142)

Իրաց ելքը իրաւունք տուաւ Ներսէսի, նախատեսած վտանգը կատարուեցաւ, եւ Շապուհ բոլորովին խոստման հակառակ վարուեցաւ։ Քիչ մը ատեն ինքզինք չյայտնեց, Արշակի գրել տուաւ, որ Փառանձէմ թագուհին ալ Պարսկաստան գայ. նախարարներուն գլխաւորներն ալ իրենց կիներով մէկտեղ նորէն Տիզբոն...