ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ (124)

ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ – Ներսէս Մեծ կաթողիկոսի բարեգործական իրագործումները։

Ժողովուրդին ուղիղ ընթացքը, հսկող պաշտօնեաներուն թիւէն ու ջանքէն կախում կ’ունենայ, որովհետեւ ոչ միայն պէտք է ընտիր պաշտօնեաներ ունենալ, այլ եւ բաւական թուով աշխատողներ պատրաստել տեղւոյն ընդարձակութեան եւ ժողովուրդին բազմութեան համեմատ։