ՔԱՐՈԶՈՒԹԵԱՆՑ ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐ (13)

13. Ուրիշ ժամանակագրական խնդիր մըն ալ ծագում կ’առնէ առաքեալներուն Պաղեստինէ ցրուելուն եւ հեթանոս երկիրներ քարոզելուն թուականէն. վասնզի թէ հաւանական չ’երեւիր եւ թէ ընդհանրապէս ընդունուած չէ, որ Քրիստոսի համբարձումէն անմիջապէս ետքը հեթանոսաց առաքելութիւնները սկսած...

ՈՒՐԻՇ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐ (11)

11. Հայաստանի առաքելական քարոզութեան յիշատակութիւնները լրացնելու համար աւելցնենք, թէ Թադէոսէ եւ Բարթողիմէոսէ զատ Հայաստանէ անցան կ’ըսուի եւս Թովմաս, որ Հնդկաց առաքեալը եղած է ըստ աւանդութեան։ Շմաւոն կամ Սիմոն Նախանձայոյզ ալ, որ իբր Պարսից առաքեալ ճանչուած է (ԽՈՐ. 110)...

ԱՌԱՔԵԼՈՑ ԳԵՐԵԶՄԱՆՆԵՐԸ (10)

10. Բարթողիմէոսի Հայոց առաքեալ ըլլալուն, եւ Հայաստանի մէջ նահատակուելուն պատմութիւնը ընդհանուր է բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիներու մէջ, այնպէս որ այդ մասին բնաւ դժւարութեան հանդիպելու կամ առարկութիւններ լուծելու պէտք չի մնար։ Եթէ տարբերութիւն մը կայ, նահատակութեան տեղւոյն...

ԲԱՐԹՈՂԻՄԷՈՍԻ ՔԱՐՈԶՈՒԹԻՒՆԸ (9)

9. Բարթողիմէոս առաքեալ անհակառակ կերպով երկոտասաններէն մէկն է (ՄԱՏ. Ժ. 3, ՄԱՐ. Գ. 18, ՂԿՍ. Զ. 13), եւ է նոյն ինքն Նաթանայէլ (ՅՈՀ. Ա. 45, ԻԱ. 2), որուն համար Յիսուս վկայեց, Ահա արդարեւ Իսրայելացի, յորում նենգութիւն ոչ գոյ (ՅՈՀ. Ա. 47), եւ որ բոլոր իր ընկերներէն առաջ...

ԱՐՏԱԶՈՒ ՔԱՐՈԶՈՒԹԻՒՆԸ (8)

8. Հայոց աշխարհին լուսաւորութեան բուն պատմութիւնը կը սկսի Թադէոսի Հայաստան մտնելէն, որ զանազան կողմեր առաքելական պտոյտներ ընելէ ետքը կը հասնի Արտազ գաւառի Շաւարշան քաղաքագիւղը, ուր էին հովոց գետինք թագաւորացն Հայոց եւ ուր կը գտնուէր Սանատրուկ թագաւոր (2) (ՍՈՓ. Ը. 13)։...