ՎՐԱՑ-ԱՂՈՒԱՆԻՑ ԳԻՐԵՐԸ (209)

Յարմարագոյն կը գտնենք այդ միջոցին յիշել Մեսրոպի մի այլ աշխատութիւնը, զոր կատարեց դրացի ազգերու օգտին, համաձայն մերազնեայ պատմիչներու։ Հայոց անգիր վիճակը հասարակ էր դրացի ժողովուրդներուն ալ, եւ Հայոց բախտաւորուիլը հարկաւ անոնց ալ նախանձը պիտի շարժէր։ Մեսրոպի համբաւը...