ՆՈՐ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ (194)

Գիրի վերջնական կազմութենէն ետքը, նոր զարկ տրուեցաւ ազգային դպրութեան եւ ազգային դաստիարակութեան։ Սահակի կաթողիկոսութենէն առաջ կազմուած աշակերտներուն, աւելցան Մեսրոպի հասուցած 40 աշակերտներն ալ (ՍՈՓ. Բ. 9), որք առհասարակ Թարգմանիչ անունով ճանչցուած էին, եւ եկեղեցական...

ՍԱՀԱԿԻ ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆԸ (193)

Փարպեցին այդ աշխատութիւնները Սահակի կը վերագրէ ամբողջապէս եւ ուղղակի, թէ նա եղաւ Հաբէլի բերած Դանիէլեան նշանագիրները պատշաճեցնողը։ Իրաւ նախ Մեսրոպ էր, որ հանդիպեցուցանէր զհայերէն աթութայսն ըստ կարգման սելովբայիցն յունաց, բայց ինքն չէր կրնար վերջնական հեղինակութեամբ...

ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ ՆՇԱՆԱԳԻՐՔ (188)

Այդ խորհուրդներով տարակուսած ու տագնապած միջոցին, Մեսրոպ կը լսէ, թէ՝ գոն նշանագիրք հայերէն լեզուոյս (ՓԱՐ. 14), եւ լուրը ստուգելու եւ անկէ գործնականապէս օգտուելու համար, կը փութայ գալ կաթողիկոսական աթոռը, եւ իր միտքն ու լսածը կը հաղորդէ հայրապետին, զոր պատրաստական...

ՄԱՇԹՈՑ ՄԵՍՐՈՊ (186)

Ասկէ ետքը նոր եղելութեան մը յիշատակութիւնը չունինք, մինչեւ հայերէն այբուբէնին գիւտը կամ կազմութիւնը, որուն թուականը այլեւս ընդհանուր համաձայնութեամբ հաստատուած է 404-ին։ Բաւական ընդարձակ ատեն մը, 15 տարիներու միջոց մըն է, որ առանց պատմութեան կը մնայ, սակայն սոյն այս...

ՊԱՐՍԿԱՍՏԱՆ ԵՐԹԱԼԸ (185)

Այդ դարձուածներուն մէջ անհնար է Սահակը անմասն ենթադրել։ Նա Խոսրովի առաջնորդելու իսկ կարողութիւնն ունէր, եւ քաղաքական գործերէ ալ ինքզինքը հեռու չէր պահեր, ուստի պարսիկներու աչքին կասկածելի պիտի երեւար։ Նոյնիսկ Խոսրովի վրայ գրուած մեղադրանքներէն մէկն ալ այն էր, որ...