Հուն․ 29, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՍԱՀԱԿ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (179-225) |
Որչափ ալ մենք եղելութեանց միայն հետամուտ, անոնց մասին խորհրդածութեանց չենք մտներ, սակայն հնար չէ բոլորովին լուռ մնալ այն մեծ նշանակութեան մասին, զոր Հայ գիրի գիւտը եւ Հայ դպրութեան կազմութիւնն ունեցան մեր ազգին եւ մեր եկեղեցւոյն պահպանութեան եւ տեւողութեան վրայ։ Եթէ...
Հուն․ 29, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՍԱՀԱԿ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (179-225)
Դիտելու արժանի է, որ այս ընդարձակ գրական աշխատութեան մեջէն, գրեթէ ոչինչ, կամ շատ քիչ բան կը գտնենք, որ Սահակի եւ Մեսրոպի անունով մակագրուած ըլլայ, եւ բոլոր թարգմանութիւնները անանուն կերպով հասած են մեզ, իբրեւ հինգերորդ դարու թարգմանչաց խումբին գործը։ Սակայն այս ալ...
Հուն․ 28, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՍԱՀԱԿ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (179-225)
Ազգային դպրութեան կազմութիւնը չէր լրանար Սուրբ Գիրքի եւ ծիսարաններու պատրաստութեամբ, եւ պէտք էր մատենագրութեանց պաշար մըն ալ կազմել ժամանակին պէտքերուն բաւարարութիւն տալու համար։ Այս ալ չվիրպեցաւ Սահակի եւ Մեսրոպի տեսութենէն։ Ինչպէս ամէն նոր սկսող գործառնութեանց համար...
Հուն․ 27, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՍԱՀԱԿ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (179-225)
Սուրբ Գիրքէն ետքը անհրաժեշտ պէտք եղող գիրքերը ծիսական կարգադրութիւններն էին, եւ Սահակ ու Մեսրոպ անմիջապէս անոր ձեռնարկեցին՝ զեկեղեցական զգրոց, զգումարութիւն կանխաւ ի յունական բարբառոյ ի հայերէն թարգմանեալ (ՍՈՓ. ԺԱ. 17)։ Հին պատմագիրներէն որոշակի չենք գտներ, թէ ո՞ր...
Հուն․ 27, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՍԱՀԱԿ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (179-225)
Սուրբ Գիրքը եղած էր գիրի գիւտին շարժառիթը, Սուրբ Գիրքը պէտք էր ըլլար անոր նախընծայ երախայրիքն ալ։ Կորիւն այնպէս իմն կը ցուցնէ, թէ նոյնիսկ Սամոսատի մէջ Մեսրոպ ձեռնարկեց Ս. Գիրքին թարգմանութեան, Յովհան Եկեղեցացիի եւ Յովսէփ Պաղնացիի օգնութեամբ, եւ թէ թարգմանութիւն ալ...