ԿՐՈՆԱԿԱՆ ՀԱԼԱԾԱՆՔԸ (145)

Զարմանքի արժանի է Հայոց ընդհանուր դիմադրութիւնը, եւ անհնարին աղէտներու տոկալը, հակառակ որ բաւականաչափ զօրութիւն ալ չունէին, եւ Յոյներէ սպասուած օգնութիւններն ալ չէին հասնիր. բայց տակաւին Պարսիկներու յանձնուելու ներքին հակառակութիւն կը զգային։ Այդ երեւոյթին իսկական...

ՊԱՊԻ ԹԱԳԱՒՈՐԵԼԸ (143)

Արշակի վախճանին պատմութիւնը լրացնելով ետ դառնանք Հայաստանի դէպքերուն։ Արշակի եղած հրաւէրին խաբէութիւն մը ըլլալը, շուտով հասկցուեցաւ Հայաստանի մէջ, եւ Արշակի բերնով եկած գիրերուն ոչ ոք վստահութիւն ունեցաւ։ Նախարարներէն մի մասը ընտանիքնին հաւաքելով Յունաստան անցան,...

ՊԱՐՍԻՑ ԱՐՇԱՒԱՆՔՆԵՐԸ (140)

Հայերուն Բիւզանդիոնէ օգնութիւն ուզելը, հարկաւ Շապուհի հաճելի չէր ըլլար, եւ Վաղէսի ալ թոյլ ընթացքը զինք կը քաջալերէր համարձակ գործել Հայոց դէմ, առանց Բիւզանդիոնի միջամտութենէն վախնալու. քանի որ Վաղէս թէպէտ Հայերը առերես կը խաբխբէր, սակայն Յովիանոսի դաշինքը խախտելու...

ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՈՒԼՆԵՑԻ (133)

Այստեղ պատշաճ կը սեպենք միջանկեալ կերպով յիշատակել Ստեփանոս Ուլնեցիի նահատակութիւնը, իբր զուտ ազգային յիշատակ մը, թէպէտ հռոմէական սահմաններուն մէջ կատարուած, Յուլիանոսի Պարսից դէմ գացած միջոցին։ Ստեփանոս Փոքր Հայոց Կոկիսոն, այժմ Կէօքսու քաղաքը բնակող եռանդուն հայ...

ՆԵՐՍԷՍԻ ՔԱՇՈՒԱԾ ԱՏԵՆԸ (132)

Սակայն կաթողիկոսական իշխանութիւնը Հայոց մէջ պարզապէս եւ բացարձակապէս եկեղեցական չէր։ Բոլոր հայրապետները յատուկ դիրք եւ յատուկ ձեռներէցութիւն կը վայելէին պետական գործերու մէջ, թէ իբր Պահլաւունեաց կամ Պարթեւազանց տան նահապետ, թէ թագաւորական տոհմին արենակից եւ խնամի...