ՆԵՐՍԷՍԻ ՄԱՀԸ (153)

Պատմութեան կարգը կը հասցնէ մեզ Ներսէսի մահուան վրայ խօսելու, եւ որովհետեւ մեր պատմիչներուն ըսածը դիտողութեանց կարօտ կը գտնենք, նախապէս անոնց գրածները քաղենք։ Խորենացին իր սովորական ոճով երկու խօսքով կը վերջացնէ մահուան պատմութիւնը, թէ՝ Պապ դեղ մահու գաղտնի արբուցեալ...

ՆԵՐՍԷՍԻ ՔԱՇՈՒԱԾ ԱՏԵՆԸ (132)

Սակայն կաթողիկոսական իշխանութիւնը Հայոց մէջ պարզապէս եւ բացարձակապէս եկեղեցական չէր։ Բոլոր հայրապետները յատուկ դիրք եւ յատուկ ձեռներէցութիւն կը վայելէին պետական գործերու մէջ, թէ իբր Պահլաւունեաց կամ Պարթեւազանց տան նահապետ, թէ թագաւորական տոհմին արենակից եւ խնամի...

ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ (124)

ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ – Ներսէս Մեծ կաթողիկոսի բարեգործական իրագործումները։

Ժողովուրդին ուղիղ ընթացքը, հսկող պաշտօնեաներուն թիւէն ու ջանքէն կախում կ’ունենայ, որովհետեւ ոչ միայն պէտք է ընտիր պաշտօնեաներ ունենալ, այլ եւ բաւական թուով աշխատողներ պատրաստել տեղւոյն ընդարձակութեան եւ ժողովուրդին բազմութեան համեմատ։

ՆԵՐՍԷՍԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ (119)

ՆԵՐՍԷՍԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ – Ներսէս Մեծի ընտրութիւնը կաթողիկոսական գահին։

Փառէնի մահուընէն ետքը, Շահակ Մանազկերտացի ստանձնած էր հայրապետական գործոց հոգածութիւնը իբր տեղակալ, եւ աթոռը կը մնար դատարկ, եւ ամէն կողմէ յայտնուած կամքն այն էր, որ ի մնացորդաց տանն Գրիգորի, յայնմ զաւակէն գտցեն զառաջնորդութիւն (ԲԶՆ. 68)։