ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ (184)
Սահակ այդ դիրքին մէջ էր, երբ բարձրացաւ կաթողիկոսական աթոռը, միջոց մը աթոռը պարապ մնալէն ետքը՝ քաղաքական յարաբերութեանց բերմամբ, ինչպէս դիտեցինք (§ 179)։ Սահակի գահակալութիւնը տեղի կ’ունենայ 387-ին, ոչ Կեսարիոյ խօսք կար այլեւս, եւ ոչ ձեռնադրութեան։ Չենք ալ կրնար ճշդել,...ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐ (173)
Արշակի օրինակը ուրիշ շատ նախարարներ ալ հրապուրեց յունական բաժինը անցնիլ, ինչ որ Պարսից թագաւորին մտադրութիւնը գրաւեց, եւ իմանալով, որ անոնք կը սիրեն Արշակունի թագաւորի մը ներքեւ ըլլալ, ինքն ալ իր բաժնին մէջ, փոխանակ Պարսիկ մարզպան մը նշանակելու, հայ Արշակունի մը գլուխ...ԽՈՍՐՈՎ ԿՈՏԱԿ (85)
ԽՈՍՐՈՎ ԿՈՏԱԿ – Խոսրով Կոտակի գահ բարձրանալու նախադրեալները․ Տրդատի սպանութիւնը դիւրութիւն ընծայեց նախարարներուն փառասիրական ձգտումներում, եւ գլխաւորներ՝ մանաւանդ սահմանագլուխներու կողմնապետներ, փութացին ինքնագլուխ իշխանութիւններ կազմել, որոնց մէջ յանուանէ կրնանք յիշել Սանատրուկը Փայտակարանի, Բակուրը Աղձնեաց, եւ Արքեղայոսը Ծոփաց նահանգներուն մէջ։