ՏՐԴԱՏԻ ՄԱՀԸ (84)
Տրդատ թագաւորի մահուան պատմութիւնը․ Այդ միջոցին մէջ կ’իյնայ Տրդատի մահը։ Խորենացին ցաւալի շեշտով մը կը սկսի այդ եղելութեան պատմութիւնը. Ամաչեմ, կ’ըսէ, ասել զճշմարտութիւնն, մանաւանդ թէ զանօրէնութիւն եւ զամբարշտութիւն ազգիս մերոյ (ԽՈՐ. 181)։ Հայոց դարձին պատմութեան մէջ, որչափ գործ եւ արդիւնք կը վերագրուի Գրիգորի, նոյնչափ մըն ալ պէտք է տալ Տրդատի, որ իրօք եւ ճշմարտութեամբ առաքելակից եւ լուսաւորչակից մը եղաւ Հայաստանի մէջ։