Հուլ․ 8, 2012 | Տ. Ս. ԳՐԻԳՈՐ Ա. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ (44-81)
Աթոռներու ծագումին այդ սկզբունքը կը ծառայէ անոնց իւրաքանչիւրին իրաւասական սահմաններն ալ գծելու։ Հետեւապէս կրնանք եզրակացնել, թէ Պոնտոսի աթոռը կամ Կեսարիոյ արքեպիսկոպոսը, Հռոմէական կայսրութեան սահմաններէն դուրս իրաւասութիւն եւ իշխանութիւն չունէր։ Վասնզի Հայաստան ազատ...
Հուլ․ 8, 2012 | Տ. Ս. ԳՐԻԳՈՐ Ա. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ (44-81)
Այդ ձեռնադրութիւն ընդունելու պարագային ոմանք ուզած են այնպիսի իմաստ մը տալ, իբր թէ անով Հայաստան Կեսարիոյ աթոռին ենթարկեալ վիճակ մը եղած ըլլայ (ԳԷԼ. 41)։ Սակայն ոչ մի նշան եւ ոչ մի փաստ հնար չէ գտնել այդ մեկնութիւնը հաստատելու, եւ պատմութեան ընթացքն ալ երբեք այդ...
Հուլ․ 8, 2012 | Տ. Ս. ԳՐԻԳՈՐ Ա. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ (44-81)
Մտադրութեան արժանի եւ նորօրինակ պարագաներու ներքեւ կատարուած եղելութիւն մըն է քրիստոնէութեան Հայաստանի մէջ տարածուիլը։ Պատմութիւնը բնաւ եկեղեցական պաշտոնէի մը ներկայութիւնը չի յիշատակէր, այլ միայն աշխարհական մը եւ թագաւոր մըն են որ ձեռք ձեռքի տուած, եւ բուռն աշխոյժով...
Հուն․ 3, 2012 | Տ. Ս. ԳՐԻԳՈՐ Ա. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ (44-81)
Չորրորդ դարով նոր ասպարէզ կը բացուի մեր առջեւ, եւ Հայ քրիստոնէական պատմութիւնը նոր կերպարան մը կը զգենու փառաւոր յաղթանակով եւ առատ տեղեկութիւններով։ Միեւնոյն ատեն եկեղեցական պատմութիւնը սերտ կապակցութեամբ կը միաւորուի քաղաքական եղելութեանց հետ, ինչ որ մեզ կը...