ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԿՈՉՈՒՄԸ (88)

ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԿՈՉՈՒՄԸ – Վրթանէս կաթողիկոսի եկեղեցական դառնալու պատմութիւնը։

Բայց եթէ Վրթանէս եկեղեցական չէր Հայաստան եկած ատեն, եւ իր կրտսեր եղբօրմէն առաջ եկեղեցականութեան չմտաւ, աներկբայապէս աւելի ոչ այդ կոչումը ընդունեցաւ, եւ քահանայական ու եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնները իր հօրմէն ստացաւ։ Այս կարծիքը բնական կերպով կը հետեւի Վրթանէսի հայրապետութեան անցնելուն մասին պատմիչներուն գործածած բացատրութենէն, վասնզի կը գոհանան յաջորդեաց զաթոռն (ԽՈՐ. 179), եւ եղեւ քահանայապետ (ԲԶՆ. 6) բառերով, ոչ ընտրութիւն, ոչ ձեռնադրութիւն, եւ ոչ Կեսարիայի խօսք չեն ըներ բնաւ։

ԱՌԱՋԻՆ ԿԵԱՆՔԸ (87)

ԱՌԱՋԻՆ ԿԵԱՆՔԸ – Սուրբ Վրթանէսը մինչև կաթողիկոս դառնալը։
Վրթանէսի նախընթացային վրայ ալ խօսած գտնուեցանք, յիշելով իր ծնունդը (§ 46), առաջին կեանքը, եւ Հայաստան գալը (§ 73)։ Վրթանէս աշխարհիկ կեանք վարեց եւ ամուսնացաւ Կեսարիա եղած ատեն, բայց անորդի մնացած ըլլալով, աղօթքի եւ ուխտի դիմեց ․․․