Ապր․ 9, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՍԱՀԱԿ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (179-225)
Սահակի նախընթաց կեանքին վրայ ունեցած տեղեկութիւնները լրացնելու համար, պէտք է յառաջ բերենք Խորենացիի գրածը, թէ նա խստակրօն ճգնաւորի կեանք մը կազմած էր՝ ունենալով նաեւ աշակերտ վաթսուն ըստ նմանութեան Սպուդէից, այսինքն՝ ժրաջան կրօնաւորաց, որոնց օրինակը տեսած էր Կեսարիա,...
Ապր․ 8, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՍԱՀԱԿ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (179-225)
Սահակի տեսիլքին պարունակութիւնը կրնանք այսպէս համառօտել։ Մեծ խորան մը, ճերմակ կտաւով ծածկուած, վրան լուսաւոր խաչ, խորանին մէկ փեղկը կը բացուի, եւ կը տեսնուի սեղան մը, վրան հաց եւ ողկոյզ, մօտը ձիթենի մը չորս ոստերով, երեքը մեծութեամբ ու պտղաբերութեամբ իրարու նման, եւ...
Ապր․ 8, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՍԱՀԱԿ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (179-225)
Սահակի ընտանեկան վիճակին գալով, հնար չէ շատ յետաձգել անոր ամուսնութիւնը։ Վարդան Մամիկոնեան, որ Սահակի թոռն է, 417-ին, դեսպանութեամբ Բիւզանդիա կը ղրկուի (ԽՈՐ, 252), եւ այնտեղ կայսրութեան կողմանէ ստրատելատի աստիճան ու պաշտօն կը ստանայ (ԽՈՐ, 254)։ Արդ, ենթադրելով, որ այն...
Ապր․ 8, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՍԱՀԱԿ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (179-225)
Սահակի նախընթացին վրայ թէպէտ աստ եւ անդ ակնարկներ ըրած ենք, բայց կ’արժէ, որ այստեղ ալ ամփոփում մը ներկայացնենք։ Անոր ծնունդը Կեսարիոյ մէջ եղած ըսինք (§ 116), երբ Ներսէս ու Սանդուխտ մանկամարդ ամուսիններ այնտեղ կը մնային ուսմանց հետեւելով։ Հաստատուն տեղեկութիւն մը, զոր...
Ապր․ 8, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՍԱՀԱԿ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (179-225)
Երբոր Ասպուրակէս մեռաւ 386-ին Հայաստանի Պարսկական բաժնին մէջ, դեռ Արշակ կը թագաւորէր Յունական բաժնին մէջ եւ պէտք չէր, որ առանց երկու կողմերու համաձայնութիւնը ապահովելու՝ կաթողիկոսական ընտրութիւն կատարուէր, որպէսզի ազգին մէջ երկպառակութիւն չծագէր, եւ բաժանման վիհը...