ԲԱՐՍԵՂԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՔ (159)

Բուզանդ անուն չի տար, թէ այդ որոշումները տուող Կեսարիոյ եպիսկոպոսը ով էր, սակայն ժամանակագրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ պէտք է Բարսեղ Կեսարացին ըլլայ, որ 370էն մինչեւ 379 Կեսարիոյ աթոռին վրայ էր, եւ ան միայն կրնար 373ին որոշումներ տալ։ Եթէ որեւէ աննշան եւ անծանօթ անձ մը...

ԿԵՍԱՐԻԱ ՉԵՐԹԱԼԸ (158)

Շահակի հայրապետական աթոռ բարձրանալուն առթիւ Խորենացի կը գրէ, թէ՝ այս եղաւ առանց մեծի արքեպիսկոպոսին Կեսարու (ԽՈՐ. 228)։ Երբ Կեսարիոյ աթոռին միջամտութեան դադարման կ’ակնարկէ, անոր նախընթացաբար, գոնէ երբեմն, տեղի ունեցած ըլլալը կը հաստատէ։ Մենք ալ այդ միջամտութիւնը...

ԱՆՁՆ ՈՒ ԱՆՈՒՆԸ (157)

Ներսէսի մահը մեծ տպաւորութիւն գործեց Հայաստանի ամէն կողմերը։ Թէ տարիքին կողմէ անակընկալ էր անոր վախճանը, եւ թէ կացութեան կողմէ անհրաժեշտ էր անոր կեանքը ձախող կասկածներ ալ պակաս չէին մահուան պատճառին վրայ։ Ուստի Պապ թագաւոր տեսեալ սգացեալ զամենայն Հայս, պէտք զգաց...