ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (14)

14. Հայոց լուսաւորութեան պատմութեան առթիւ կը յիշատակուին քանի մը նուիրական սրբութիւններ, որք Հայերուն կողմէն ամենայն երկիւղածութեամբ յարգուած են։ Առաջին է Սուրբ Դաստառակը կամ Յիսուսի անձեռագործ պատկերը։ Թէպէտեւ Լաբուբնիա զայն պարզապէս ձեռագործ կը նկատէ, որովհետեւ...

ՔԱՐՈԶՈՒԹԵԱՆՑ ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐ (13)

13. Ուրիշ ժամանակագրական խնդիր մըն ալ ծագում կ’առնէ առաքեալներուն Պաղեստինէ ցրուելուն եւ հեթանոս երկիրներ քարոզելուն թուականէն. վասնզի թէ հաւանական չ’երեւիր եւ թէ ընդհանրապէս ընդունուած չէ, որ Քրիստոսի համբարձումէն անմիջապէս ետքը հեթանոսաց առաքելութիւնները սկսած...

ԺԱՄԱՆԱԿԱԳՐԱԿԱՆ ԲԱՂԴԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (12)

12. Թադէոսի եւ Բարթողիմէոսի ժամանակագրութիւնը հաստատել բաւական դժուարութեանց տեղի կու տայ։ Նախ եւ առաջ պէտք է նկատի առնուլ այն հիմնական տարբերութիւնը, զոր Հայաստանի քաղաքակրթութեան մասին կը ներկայեն մեր Խորենացիին եւ Հռովմայեցի պատմագիրներուն յառաջ բերած անուններն ու...

ՈՒՐԻՇ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐ (11)

11. Հայաստանի առաքելական քարոզութեան յիշատակութիւնները լրացնելու համար աւելցնենք, թէ Թադէոսէ եւ Բարթողիմէոսէ զատ Հայաստանէ անցան կ’ըսուի եւս Թովմաս, որ Հնդկաց առաքեալը եղած է ըստ աւանդութեան։ Շմաւոն կամ Սիմոն Նախանձայոյզ ալ, որ իբր Պարսից առաքեալ ճանչուած է (ԽՈՐ. 110)...

ԱՌԱՔԵԼՈՑ ԳԵՐԵԶՄԱՆՆԵՐԸ (10)

10. Բարթողիմէոսի Հայոց առաքեալ ըլլալուն, եւ Հայաստանի մէջ նահատակուելուն պատմութիւնը ընդհանուր է բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիներու մէջ, այնպէս որ այդ մասին բնաւ դժւարութեան հանդիպելու կամ առարկութիւններ լուծելու պէտք չի մնար։ Եթէ տարբերութիւն մը կայ, նահատակութեան տեղւոյն...

ԲԱՐԹՈՂԻՄԷՈՍԻ ՔԱՐՈԶՈՒԹԻՒՆԸ (9)

9. Բարթողիմէոս առաքեալ անհակառակ կերպով երկոտասաններէն մէկն է (ՄԱՏ. Ժ. 3, ՄԱՐ. Գ. 18, ՂԿՍ. Զ. 13), եւ է նոյն ինքն Նաթանայէլ (ՅՈՀ. Ա. 45, ԻԱ. 2), որուն համար Յիսուս վկայեց, Ահա արդարեւ Իսրայելացի, յորում նենգութիւն ոչ գոյ (ՅՈՀ. Ա. 47), եւ որ բոլոր իր ընկերներէն առաջ...