Հուն․ 3, 2012 | Այլ գլուխք (41-43)
Մեր նպատակէն դուրս ըլլալով բանավէճերու մտնել, պէտք չենք տեսներ Հայոց քրիստոնէութիւնը մեկնելու համար ուրիշներէն կազմուած ենթադրութիւնները յառաջ բերել, եւ ցուցնել թէ կեղակարծ մեկնութեանց եւ հեռու տեղերէ՝ մինչեւ իսկ Եգիպտոսէ եւ Արաբիայէ մուրացուած զրոյցներու վրայ...
Հուն․ 3, 2012 | Այլ գլուխք (41-43)
Մինչեւ հիմա մեր առաջ բերած պատմութիւնը, թէ ոչ հիմնապէս նոր, սակայն կրնայ իբրեւ նոր ամփոփում մը կամ հիւսուած մը նկատուիլ, աւելի ազգային յիշատակներէ քաղուած, եւ ինչ ինչ օտար յիշատակներով զօրացած։ Մեզի անծանօթ չեն նորերէն շատերուն Հայոց առաքելական եկեղեցին եւ Հայոց...
Հուն․ 3, 2012 | Այլ գլուխք (41-43)
Հայոց եկեղեցւոյ առաքելական սկզբնաւորութեան, եւ առաջին երեք դարերու մէջ անընդհատ շարունակութեան պատմութիւնը կը փակենք այստեղ։ Ազգային հին մատենագիրներ փոյթ չեն ունեցած այդ շարունակութեան խնդրով զբաղիլ, թէպէտ ընդարձակօրէն խօսած են սկզբնաւորութեան վրայ։ Առաջին...
Հուն․ 2, 2012 | Ս. ՄԵՀՐՈՒԺԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏ (36-40)
Այս միջոցին տեղի ունեցած նահատակութեանց աւանդութիւնները լրացնելու համար, պէտք է յիշենք ինչ որ վերագոյնդ (§ 26) ակնարկեցինք Սուկաւէտի մարտիրոսներուն վրայ։ Վկայաբանութիւնը իբր ժամանակագրական նշան ցոյց կու տայ Պարսից Շապուհին թագաւորելը, Հայոց Խոսրովին սպանուիլը, Պարսից...
Հուն․ 2, 2012 | Ս. ՄԵՀՐՈՒԺԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏ (36-40)
Գեղեցիկ յիշատակ մը ունինք սոյն միջոցին Հայ քրիստոնէութեան աւանդութիւններուն մէջ, որ Յայսմաւուրքին մէջ ալ անցած է (ՅԱՍ. Ա. 211)։ Սուրէն նախարար Սալահունի, որ կը բնակէր Դերջանի արեւելակողմ Սուրէն կամ Սուրէնաշէն աւանին մէջ (այժմ Զուրուն գիւղ), Աթենադորոս անունով 15...
Հուն․ 2, 2012 | Ս. ՄԵՀՐՈՒԺԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏ (36-40)
Մեհրուժանի անունէն ետքը այլեւս յիշատակ չունինք Արտազ նստող հայրապետներուն վրայ, եւ եթէ Մեհրուժանի ժամանակը մինչեւ երրորդ դարուն երրորդ քառորդն ալ տարածենք, տակաւին բաւական բաց մը կը մնայ, մինչեւ չորրորդ դարուն սկիզբը, մինչեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի հայրապետ ձեռնադրուիլը։...