Մրտ․ 9, 2013 | ԱԶԳԱՊԱՏՈՒՄ, ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (116-156)
Պատմական եղելութեանց շարայարութեան դառնալով, աչքի զարնելու կէտ մըն է Պապ թագաւորին ընթացքը։ Արշակի թագաւորելը 351-ին տեղի ունեցած, եւ Պապն ալ անոր թագաւորելէն ետքը ծնած լինելով, 368-ին թագաւորած, ատեն 16 տարեկանէ վեր եղած չի կրնար ըլլալ, որ անփորձ եւ անչափահաս...
Մրտ․ 7, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (116-156)
Անցողակի յառաջ բերենք այստեղ արտաքիններէն պահուած յիշատակ մը։ Բարսեղ Կեսարացւոյն գործերուն մէջ կայ, 92 թուով նշանակուած թուղթ մը, Իտալիոյ եւ Գաղղիոյ եպիսկոպոսներուն, որպէսզի Արիանոսաց զօրանալուն դէմ աշխատին եւ Արեւելքի եպիսկոպոսներուն օգնեն։ Այդ թուղթին գրողներն են 32...
Մրտ․ 7, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (116-156)
Ներսէսի կեանքին մէջ նոր շրջանը կը բացուի Ձիրաւի պատերազմէն ետքը, վասնզի յայնմհետէ խաղաղեցաւ երկիրն ընդ ձեռամբ Պապայ նուաճեալ (ԽՈՐ. 227)։ Մուշեղ սպարապետի համար կը պատմուի, թէ իբր յաղթական Հայաստանի զանազան կողմերը պտըտեցաւ, որպէս զի բերդերու եւ քաղաքներու մէջ մնացած...
Մրտ․ 7, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (116-156)
Խորենացի այդ պատերազմին հետ կը կապէ ուրացեալ Մեհրուժանի մահը, թատերական կերպարան մըն ալ տալով եղելութեան։ Կը պատմէ, թէ Ձիրաւի օրը Մեհրուժան՝ ձիուն վիրաւորուելը չկրցաւ փախչիլ, եւ Կոգովիտ, այժմ Պայազիտ գաւառի մէջ, շամբին մօտ ձերբակալուեցաւ Սմբատ Բագրատունիէ, որ չուզեց...
Մրտ․ 7, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (116-156)
Հաւատոյ պաշտպանութեան կէտն է հարկաւ, որով Ներսէս կը յաջողէր նախարարաց միաբանութիւնը պահպանել, հակառակ ամէն տեսակ նեղութեանց եւ բազմաթիւ տառապանաց։ Արտագերից բերդին անկումը եւ Փառանձէմի գերութիւնը մեծ տպաւորութիւն գործեցին երկու կողմերուն վրայ ալ։ Շապուհ սոյն...
Մրտ․ 7, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (116-156)
Հայաստանի մէջ կատարուած եղելութեանց չդարձած, Փառանձէմի մահուան պատմութիւնն ալ կ’ուզենք լրացնել։ Չենք գիտեր, թէ ինչու մեր պատմիչները անողոք են տարաբախտ թագուհւոյն յիշատակին, որ բնական եւ բարոյական ձիրքերով օժտուած եւ բոլոր հայ կիներուն վրայ գերազանց նկատուելովն...