Կարմիր կիրակի

ԿԱՐՄԻՐ ԿԻՐԱԿԻ – ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ – Ինչպէս յիշեցինք նախորդ գրութեան մէջ, Յինանց Դ. Կիրակիին կը տրուի ԿԱՐՄԻՐ մակդիրը: Այս կիրակին իրեն յատուկ ոչ մէկ շարական ունի, եւ հետեւաբար տարբեր չէ սովորական միւս Կիրակիներէն: Սակայն զուրկ չէ անիկա իր ուրոյն...

Աշխարհամատրան (կանաչ) կիրակի

ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՏՐԱՆ ԿԻՐԱԿԻ – Կանանչ կիրակի – ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԿԵԱՆՔԻ Ա. Զատիկէն յետոյ եկող երկրորդ Կիրակին, այսինքն Յինանց երրորդ Կիրակին, ծանօթ է տօնացոյցի մէջ ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՏՐԱՆ անունով: Այս տօնը յատուկ կ’երեւի լոկ Հայց. Եկեղեցիին: Մեր հայրերը ի՞նչ նկատումով, կամ ի՞նչ նպատակով...

Նոր կիրակի – Կրկնազատիկ

ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻ – ԿՐԿՆԱԶԱՏԻԿ – Սպիտակ Կիրակի. ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ Արեւելեան Եկեղեցիներ Զատկին յաջորդող Կիրակիին կուտան ՆՈՐ մակդիրը, այն բացայայտ պատճառով, որ Զատիկը լինելով գերազանց Կիրակին, անոր յաջորդողը կ’ըլլայ սկիզբը տարւոյն բոլոր Կիրակիներուն: Իսկ Արեւմտեան...

Յինանց օրեր

Ինչպէս ունինք Զատիկէն առաջ 50 օրերու տրտմութեան եւ ապաշխարանքի շրջան մը, հաւատացեալը նախապատրաստելու համար եկեղեցական մեծագոյն այս տօնին, այնպէս ալ ունինք Զատիկէն յետոյ 50 օրերու հոգեւոր ուրախութեան շրջան մը, որ շարունակութիւնը եւ երկարաձգումն է Զատիկի խորհուրդին եւ...

ՄՈՒՏՔ

ՇՆՈՐՀՔ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԳԱԼՈՒՍՏՅԱՆ   ԳՈՒՆԱԳԵՂ ԿԻՐԱԿԻՆԵՐ ԵՒ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏ   ՄՈՒՏՔ     «Գունագեղ Կիրակիներ»–ը Յինանց Կիրակիներն են: Այդպէս ուզեզինք կոչել Ս. Զատկին յաջորդող վեց Կիրակիները, նախ անոր համար, որ տարուան ամէնէն գունալից եղանակին – գարնան – կը...