Մայ․ 28, 2012 | Հոգեգալուստ
Պատասխանը տրուած է Հոգեգալուստով ծնած առաջին քրիստոնէից համայնքին կողմէ, այսինքն. 1. – Ոյժ տալ առաքելական ուսուցումի: Մարդիկ առհասարակ ի մի կը բերուին հասարակաց հաւատալիքներով: Ընդհանրապէս հայ հաւատացեալը անտեղեակ է իր եկեղեցիի հիմնական ու աւետարանական...
Մայ․ 28, 2012 | Հոգեգալուստ
Ե ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ «Ամենայն հաւատացեալքն էին ի միասին, եւ ունէին զամենայն ինչ հասարակաց» (Գործք. Բ. 44)։ Հոգեգալստեան դէպքը իր եզրակացութեան կը բերուի Գործք Առաքելոցի մէջ, ամփոփ եւ ընդհանուր ակնարկով մը, նետուած նախնական եկեղեցւոյ հաւաքական կեանքին...
Մայ․ 28, 2012 | Հոգեգալուստ |
Դ ԱՌԱՋԻՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՔԱՐՈԶԸ «Ոչ թողցես գանձն իմ ի դժոխս, Եւ ոչ տացես Սրբոյ քում Տեսանել զապականութիւն» (Սաղմոս ԺԵ. 10): Հոգեգալստեան հրաշքին լրացուցիչ մասը եւ լաւագոյն բացատրականն է Պետրոս Առաքեալի քարոզը, որ անմիջապէս կը յաջորդէ այս դէպքին, երբ հետաքրքիր բազմութիւն...
Մայ․ 28, 2012 | Հոգեգալուստ
Գ ԻՆՉՈՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԲԱԺԱՆԵԱԼ Է «Հոգին է կենդանարար, մարմին ինչ ոչ օգնէ» ( Յովհ . Զ . 64)։ Մեր նախորդ գրութեան մէջ աշխատեցանք ցոյց տալ թէ Հոգեգալուստը միարար շարժում մըն էր, եւ թէ՝ Քրիստոնէական կրօնքի նպատակն էր չէզոքացնէլ ընկերութեան մէջէն ջլատիչ ոյժերը, եւ առնուազն բարի...
Մայ․ 27, 2012 | Հոգեգալուստ
Բ ՄԻԱՐԱՐ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ «Էին ամենեքեան միաբան ի միասին» (Գործք. Բ . 1): Զանց կ’ընենք Հոգեգալստեան դէպքին զանազան երեսներու վրայ բացատրական ակնարկներ նետելը, եւ կ’ուզենք անդրադառնալ անոր ինչ ինչ հիմնական երեւոյթներուն վրայ, որոնք աղերս կրնան ունենալ մեր առօրեայ կեանքին...
Մայ․ 27, 2012 | Հոգեգալուստ
Ա – ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՆՈՐ ՇԱՐԺՈՒՄԸ – Հոգեգալուստը նոր սկիզբ մըն է: Տիեզերքի ստեղծագործութեան, եւ աշխարհի վրայ կեանքի երեւումին չափ կարեւոր սկիզբ մը: Քրիստոսի Ծնունդով իրագործուած փրկութեան տեսանելի արտայայտութիւնն է: Աշխարհի արկածալից պատմութեան ամբողջ ընթացքին չէ...