ԱՐՇԱԿԻ ՄԱՀԸ (142)

Իրաց ելքը իրաւունք տուաւ Ներսէսի, նախատեսած վտանգը կատարուեցաւ, եւ Շապուհ բոլորովին խոստման հակառակ վարուեցաւ։ Քիչ մը ատեն ինքզինք չյայտնեց, Արշակի գրել տուաւ, որ Փառանձէմ թագուհին ալ Պարսկաստան գայ. նախարարներուն գլխաւորներն ալ իրենց կիներով մէկտեղ նորէն Տիզբոն...

ՇԱՊՈՒՀԻ ՆԵՆԳՈՒԹԻՒՆԸ (141)

Զինուց բախտը կատարելապէս Պարսից յաջող եղած պիտի չըլլայ, եւ ոչ ալ Հայոց նպաստաւոր, որ Հայ նախարարներ պատերազմէ ձեռնաթափ լինել կը խորհին, իսկ Շապուհ ալ հաշտարար միջոցները կը նախադասէ։ Ներսէս, ընդհակառակն կ’աշխատի նախարարներուն մէջ ինկած երկպառակութիւնը դարմանել, եւ...

ՊԱՐՍԻՑ ԱՐՇԱՒԱՆՔՆԵՐԸ (140)

Հայերուն Բիւզանդիոնէ օգնութիւն ուզելը, հարկաւ Շապուհի հաճելի չէր ըլլար, եւ Վաղէսի ալ թոյլ ընթացքը զինք կը քաջալերէր համարձակ գործել Հայոց դէմ, առանց Բիւզանդիոնի միջամտութենէն վախնալու. քանի որ Վաղէս թէպէտ Հայերը առերես կը խաբխբէր, սակայն Յովիանոսի դաշինքը խախտելու...

ԱՐՇԱԿԻ ՎՐԷԺԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆԸ (139)

Արշակաւանը աւելի մեծ վնաս մըն ալ պատճառեց երկրին, թագաւորին եւ նախարարներուն մէջ յայտնի թշնամութեանց առիթ ստեղծելով։ Արշակաւանի վրայ գացող նախարարներ, ուղղակի թագաւորին վրայ ալ քալող կը նկատուէին, վասնզի անդ ապարանս արքունի եւս շինած էր Արշակ (ԲԶՆ. 110), որ խոյս ետ ի...

ԱՐՇԱԿԱՒԱՆԻ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԸ (138)

Արշակի անունին արատ բերող գործերէն մէկն ալ Արշակաւանի եղելութիւնն է։ Արշակ մեծամտութիւն ունեցաւ իր անունով քաղաք մը շինել, եւ գեղեցիկ դիրք մը զատեց Կոգովիտ գաւառին մէջ, այսինքն է Մասիսի հարաւ-արեւմտեան ստորոտը որ դէպի Պայազիտ կը նայի։ Որչափ ալ ժամանակը ճշդուած չէ, այլ...

ԽԱԴԻ ԸՆԹԱՑՔԸ (137)

Այս անգամ ալ Ներսէսի բացակայութեան միջոցին պաշտօնական տեղակալութիւնը եւ արքունեաց յարաբերութիւնները, կատարած է հաւանաբար նոյն Շահակ Մանազկերտացին, որ Ներսէսէն առաջ (§ 115) եւ Ներսէսի ատեն (§ 132) այդ պաշտօնը վարած էր, թէպէտ բնաւ յիշատակուած չենք գտնէր։ Ընդհակառակն, կը...