ՆԱԽԸՆԹԱՑ ԿԵԱՆՔԸ (82)

Ս․ Արիստակէս կաթողիկոսի նախընթաց կեանքը, մինչ կաթողիկոսանալը․ Արիստակէսի անցեալը փոքրիշատէ արդէն ակնարկուած ըլլալով, ընդարձակելու պէտք չունինք։ Գրիգորի եւ Մարիամի երկրորդ զաւակը, ծնաւ 264–ին մերձաւորապէս, եւ հօրը մեկնելէն ետքը մօրը հետ անցուց մանկութիւնը իր ծննդավայրը եղող Կեսարիայի մէջ։