ՍՈՒԿԱՒԷՏԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐ (40)

Այս միջոցին տեղի ունեցած նահատակութեանց աւանդութիւնները լրացնելու համար, պէտք է յիշենք ինչ որ վերագոյնդ (§ 26) ակնարկեցինք Սուկաւէտի մարտիրոսներուն վրայ։ Վկայաբանութիւնը իբր ժամանակագրական նշան ցոյց կու տայ Պարսից Շապուհին թագաւորելը, Հայոց Խոսրովին սպանուիլը, Պարսից...

ԹԷՈԴՈՐՈՍ ՍԱԼԱՀՈՒՆԻ (39)

Գեղեցիկ յիշատակ մը ունինք սոյն միջոցին Հայ քրիստոնէութեան աւանդութիւններուն մէջ, որ Յայսմաւուրքին մէջ ալ անցած է (ՅԱՍ. Ա. 211)։ Սուրէն նախարար Սալահունի, որ կը բնակէր Դերջանի արեւելակողմ Սուրէն կամ Սուրէնաշէն աւանին մէջ (այժմ Զուրուն գիւղ), Աթենադորոս անունով 15...

ՏՐԴԱՏԻ ՀԱԼԱԾԱՆՔՆԵՐԸ (38)

Մեհրուժանի անունէն ետքը այլեւս յիշատակ չունինք Արտազ նստող հայրապետներուն վրայ, եւ եթէ Մեհրուժանի ժամանակը մինչեւ երրորդ դարուն երրորդ քառորդն ալ տարածենք, տակաւին բաւական բաց մը կը մնայ, մինչեւ չորրորդ դարուն սկիզբը, մինչեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի հայրապետ ձեռնադրուիլը։...

ՄԵՀՐՈՒԺԱՆԻ ԺԱՄԱՆԱԿԸ (37)

Մեհրուժան հայրապետի ժամանակը ճշդելու համար նախապէս պէտք է դիտել թէ Դիոնեսիոս հայրապետ Աղեքսանդրիոյ, որ Մեհրուժանին գրած է, 248-ին ընտրուեցաւ եւ 264-ին վախճանեցաւ, եւ միջանկեալ 16 տարիներու մէջ կը պարփակուի անոր հայրապետութիւնը։ Իսկ Անկելոց խնդիր ըսուածը, որ...

ԵՒՍԵԲԻՈՍԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ (36)

Ուր որ Արտազեան յիշատակարանը կը լռէ, ուրիշ կողմէ վկայութիւն մը զայն կը լրացնէ, թէ երրորդ դարուն մէջ ալ կը շարունակէր Հայոց հայրապետներուն յաջորդութիւնը Արտազու աթոռին վրայ։ Եւսեբիոս Կեսարացի իր պատմութեան մէջ, Աղեքսանդրիոյ հայրապետ Դիոնեսիոսի թղթակցութիւնները յառաջ...