Մայ․ 28, 2012 | Ս. ՂԵՒՈՆԴԻՈՍ ՀԱՅՐԱՊԵՏ (32-35)
Սիւնեաց աթոռին նկատմամբ Օրբէլեանի քաղած աւանդութիւններն ալ Մուշէէն ետքը հինգ եպիսկոպոսներու անուններ կը յիշեն, որք են Մովսէս Տարոնացի, Սահակ Տարոնացի, Զրուանդատ, Ստեփանոս եւ Յովհաննէս (ՕՐԲ. Ա. 62), առանց տարիներն ալ յիշելու։ Ոմանք ուզեցին Սիւնեաց եպիսկոպոսներուն...
Մայ․ 28, 2012 | Ս. ՂԵՒՈՆԴԻՈՍ ՀԱՅՐԱՊԵՏ (32-35)
Բայց անուններու եւ յիշատակներու պակասութիւնը չի կրնար բնաւ քրիստոնէութեան ալ դադարած լինելու հետեւութեան տանիլ։ Նախ որ երկու դար տեւած քրիստոնէութիւնը չի կրնար յանկարծ բնաջինջ ըլլալ, եւ երկրորդ որ երրորդ դարուն վերջերը Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան գտնուիլը կը վկայուի...
Մայ․ 28, 2012 | Ս. ՂԵՒՈՆԴԻՈՍ ՀԱՅՐԱՊԵՏ (32-35)
Այստեղ Արտազեան յիշատակարանը կը խոստովանի, թէ զկնի սորին չկարացաք գտանել, թէ ոյք յաջորդեալ են ի տեսչութիւն եկեղեցւոյ առաքելական վիճակիս Արտազու (68 ԱՐՐ. 103)։ Այդ խոստովանութիւնը, հեռու պակասութիւն մը ըլլալէ, մեր կարծեօք Արտազեան յիշատակներուն ստուգութեան փաստ մը...
Մայ․ 28, 2012 | Ս. ՂԵՒՈՆԴԻՈՍ ՀԱՅՐԱՊԵՏ (32-35)
Հայրապետիս նկատմամբ Արտազեան հիշատակարանին տուած տեղեկութիւնները կը վկայեն թէ 17 տարի պաշտօնավարած է, թէ Ավրեղիոս կայսեր Հռոմայ եւ Վաղարշ թագավորին Հայոց ժամանակակից եղած է, եւ թէ նահատակուած է ի Շաւարշան տեղւոջն, որ է նոյնինքն Արտազու աթոռին տեղը (68 ԱՐՐ. 103)։ Մեր...