ՍՈՒՐԲ ՈՍԿԵԱՆՔ (23)

23. Բայց ասոնցմէ աւելի նշանաւոր են Ոսկեանց խումբին մարտիրոսները, Ս. Ոսկի քահանայ եւ իր չորս ընկերները, որոնց յիշատակը կը տօնէ Հայ Եկեղեցին սկիզբէն ի վեր։ Ոսկին, յունական հնչմամբ Խռիւսոս, եւ իր ընկերները, ազգաւ Հռոմայեցի կամ Հոռոմ, գործով կամ պաշտօնով Հայաստան եկած...

ՍԻՒՆԵԱՑ ԱԹՈՌԸ (22)

22. Զաքարիայի ժամանակակից յիշատակարաններուն մէջ, նախ եւ առաջ յիշենք Կումսին, որ Բարթողիմէոսէ Սիւնեաց եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ Շաբ իշխանի եւ Նշնա իշխանուհւոյ խնդրանօք։ Կումսի հաւանաբար Եւստաթէոսէ ետք Սիւնեաց կողմերու մեծ տեսուչն եղաւ, այլ թէ ինչչափ ատեն ապրեցաւ...

ԿԱՆՈՆՔ ԹԱԴԷՈՍԻ (21)

21. Զաքարիա անունը նշանակուած կը գտնենք կանոնագիրքին մէջ ալ, Սահմանք կանոնաց Սրբոյն Թադէոսի գլխուն վերջը, հետեւեալ բառերով. Զայս օրինակութիւնս ես Զաքարիա աշակերտ Թադէոսի առաքելոյ գրեցի, որպէս լւայ ի նմանէ, ամենայն հաւատացելոցն Քրիստոսի (ԿԱՆ. 20)։ Յիշեան կանոնները 33...

ԱՐՏԱԶԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆ (20)

20. Սակայն Արտազու աթոռին յաջորդութիւնն ալ բացատրելու համար շատ քիչ էին առձեռն գտնուած տեղեկութիւնները, եւ գրեթէ բան մը ըսել հնար պիտի չըլլար, եթէ բարեդէպ պարագայ մը օգնութեան չհասնէր եւ փոքրիշատէ նիւթ չընծայէր մեր նախադասած դրութեան։ Այդ օժանդակութիւնը կ’ընծայէ մեզի...

ԱԹՈՌՆԵՐՈՒ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (19)

19. Թեթեւ ակնարկ մըն ալ կը բաւէ ցուցնել, թէ հնար չէր Հայոց Եկեղեցւոյն առաքելական յաջորդութիւնը պաշտպանել սովորական ցուցակով, որուն կը մտնեն 3 առաքեալներ ցրիւ նշանակուած, եւ 3 Արտազու, 4 Սիւնեաց, 7 Եդեսիոյ եւ 7 Կեսարիոյ եպիսկոպոսներ։ Որեւիցէ աթոռ յատուկ եւ յստակ...

ՅԱՋՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱԿԸ (18)

18. Թերեւս ոմանց նորութիւն երեւի, որ մենք առաքելական յաջորդութիւնը անմիջապէս եւ ուղղակի Արտազու աթոռին եւ Զաքարիայի կը սեփականենք, ինչ որ ասկէ առաջ եղած չէր, իսկ օրացոյրներու ու պարբերականներու մէջ երեւցած վերջին ցուցակներն ալ մեր նախաձեռնութեամբ կազմուիլ սկսած են։...