Հուլ․ 8, 2012 | Տ. Ս. ԳՐԻԳՈՐ Ա. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ (44-81)
Վիրապէն ելնելէն մինչեւ տեսիլքը անցնող 66 օրերը կրնան համեմատուիլ Առաջաւորէ մինչեւ Զատիկ անցնող 10 շաբաթներու միջոցին։ Անոր լրանալուն Գրիգոր կը սկսի եկեղեցական պէտքերու հոգացողութեան։ Առաջին գործը պէտք էր ըլլար մեծ սիւնի տեղը մայր-տաճարը կանգնել, բայց զայն կը յետաձգէ...
Հուլ․ 8, 2012 | Տ. Ս. ԳՐԻԳՈՐ Ա. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ (44-81)
Լուսաւորիչի տեսիլքը երկրորդ մաս մըն ալ ունի, ինչպէս ինքն պատմած է։ Նա տեսաւ որ ընդարձակ դաշտը լեցուն էր միասիւն սեղաններով, որոնց իւրաքանչիւրին վրայ մի մի խաչ կայր։ Գետ մը կ’անցնէր դաշտին մէջէն, որուն մէկ կողմէն կու գային սեւ այծեր, եւ գետը անցնելով ճերմակ ոչխարներ կը...
Հուն․ 24, 2012 | Տ. Ս. ԳՐԻԳՈՐ Ա. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ (44-81)
Կէս գիշեր էր, կ’ըսէ Գրիգոր, դուք ամենքնիդ խոր քունի մէջ էիք. իսկ ես տակաւին արթուն՝ աստուածային նախախնամութեան վրայ կը խորհրդածէի, եւ ահա բոմբիւն ու թնդիւն մը լսեցի, եւ տեսայ որ երկինք կը բացուէր, լուսոյ շողեր կը ճառագայթէին, եւ այր մի ի կերպարանս լուսոյ, երկինքէն...
Հուն․ 24, 2012 | Տ. Ս. ԳՐԻԳՈՐ Ա. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ (44-81)
Գրիգոր անմիջապէս իր առաքելական գործունէութեան կը ձեռնարկէ, իրաւ ալ յարմարագոյն պատեհ չէր կրնար գտնել արդիւնաւոր յաջողութիւն ունենալու համար։ Հարուածեալներու, եւ առհասարակ ամէն սարսափահարներու, հնգօրեայ բացարձակ պահեցողութիւն մը կը հրամայէ, ուրկէ ետքը հարուածեալներուն...
Հուն․ 24, 2012 | Տ. Ս. ԳՐԻԳՈՐ Ա. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ (44-81)
Հռիփսիմեանց նահատակութիւնը խոր յուզում եւ տպաւորութիւն թողուց Տրդատի վրայ, որ վեց օրեր խոր տխրութեան մատնուած մնաց, եւ երբ վեցերորդ օր ուզեց որսի ելլել, յանկարծ մոլեգնել սկսաւ, եւ ինքզինքը անզգայութեան տալով դաշտերը կը թափառէր, եւ հնար չէր ըլլալ զայն զսպել։...
Հուն․ 24, 2012 | Տ. Ս. ԳՐԻԳՈՐ Ա. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ (44-81)
Երբ կոյսերը յայտնուեցան, խիստ պահպանութեան ներքեւ առնուեցան, Հռիփսիմէի գեղեցկութեան հռչակը տարածուեցաւ, եւ թագաւորը հրամայեց պատուով իրեն բերել, բայց կոյսերուն դիմադրութեան վրայ, զայն բռնութեամբ տանելու հրաման տրուեցաւ։ Տրդատ բուռն հարկանէր զնմանէն, կատարել զկամս...