ՁԻՐԱՒԻ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԸ (148)

Հաւատոյ պաշտպանութեան կէտն է հարկաւ, որով Ներսէս կը յաջողէր նախարարաց միաբանութիւնը պահպանել, հակառակ ամէն տեսակ նեղութեանց եւ բազմաթիւ տառապանաց։ Արտագերից բերդին անկումը եւ Փառանձէմի գերութիւնը մեծ տպաւորութիւն գործեցին երկու կողմերուն վրայ ալ։ Շապուհ սոյն...

ՓԱՌԱՆՁԷՄԻ ՄԱՀԸ (147)

Հայաստանի մէջ կատարուած եղելութեանց չդարձած, Փառանձէմի մահուան պատմութիւնն ալ կ’ուզենք լրացնել։ Չենք գիտեր, թէ ինչու մեր պատմիչները անողոք են տարաբախտ թագուհւոյն յիշատակին, որ բնական եւ բարոյական ձիրքերով օժտուած եւ բոլոր հայ կիներուն վրայ գերազանց նկատուելովն...

ԶՈՒԻԹԱ ԵՒ ՀԱՄԱԶԱՍՊՈՒՀԻ (146)

Նահատակներու բազմութեան մէջէն, միայն երկուքին անունը պահած է մեզի պատմութիւնը։ Արտաշատցի Զուիթա քահանան, աշակերտ Ներսէսի (ԲԶՆ. 180), այր բարձր եւ անձնեայ (ԲԶՆ. 179), ուսկից պահ մը պատկառելով ազատ թողած էին, կամովին հետեւեցաւ գերութեան, ըսելով, թէ՝ ոչ է մարթ հովուի...

ԿՐՈՆԱԿԱՆ ՀԱԼԱԾԱՆՔԸ (145)

Զարմանքի արժանի է Հայոց ընդհանուր դիմադրութիւնը, եւ անհնարին աղէտներու տոկալը, հակառակ որ բաւականաչափ զօրութիւն ալ չունէին, եւ Յոյներէ սպասուած օգնութիւններն ալ չէին հասնիր. բայց տակաւին Պարսիկներու յանձնուելու ներքին հակառակութիւն կը զգային։ Այդ երեւոյթին իսկական...

ԱՐՏԱԳԵՐՍԻ ՊԱՇԱՐՈՒՄԸ (144)

Շապուհ հազիւ թէ իմացաւ, որ Հայեր Յունաց կը դիմեն, եւ անոնց օգնութեամբ նոր թագաւոր կը նստեցնեն, ահեղ զօրութեամբ նոր արշաւանք մը պատրաստեց Հայոց դէմ։ Մեհրուժան-Կիւլակէսը իրեն Որմիզդուխտ աղջկան հետ ամուսնացնելով ի նա հաւատաց զաշխարհս (ԽՈՐ. 223), որ է ըսել թէ զայն մարզպան...

ՊԱՊԻ ԹԱԳԱՒՈՐԵԼԸ (143)

Արշակի վախճանին պատմութիւնը լրացնելով ետ դառնանք Հայաստանի դէպքերուն։ Արշակի եղած հրաւէրին խաբէութիւն մը ըլլալը, շուտով հասկցուեցաւ Հայաստանի մէջ, եւ Արշակի բերնով եկած գիրերուն ոչ ոք վստահութիւն ունեցաւ։ Նախարարներէն մի մասը ընտանիքնին հաւաքելով Յունաստան անցան,...