Փետր․ 25, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (116-156)
ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ – Ներսէս Մեծ կաթողիկոսը բարեգործական հաստատութիւունների հիմնադիր։
Ներսէսի ձեռնարկած բարեկարգութիւններուն առաջիններն եղան բարեգործականներ։ Բորոտներ եւ ուրուկներ, եւ ուրիշ վարակիչ ախտեր ունեցողներ, բնակութենէ կը մերժուէին եւ անխնամ կը թողուէին, Ներսէս անոնց համար ուրկանոցներ եւ հիւանդանոցներ հաստատեց։
Փետր․ 24, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (116-156)
ԱՇՏԻՇԱՏԻ ԺՈՂՈՎԸ – Աշտիշատի ժողովի մասին։
Ներսէս 25 տարեկան երիտասարդ բուռն կամքի տէր, եւ նախանձայոյզ ոգւով վառուած, հայրապետական աթոռ բարձրացածին պէս, բարեկարգութեան գործին ձեռնարկեց ոյժ առնելով այն զօրաւոր համակրութենէն, որ իրեն շուրջը կազմուած էր։
Փետր․ 24, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (116-156)
ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐԸ – Ներսէս Մեծ կաթողիկոսի ձեռնադրութեանն առնչուող հարցեր։
Նորէն Բուզանդ երթալու եւ ձեռնադրութիւն ընդունելու մանրամասնեալ պատմութիւն մը ունի (ԲԶՆ. 72). այս անգամ Ներսէսի կենսագիրն ալ իրեն հետեւող ունենալով (ՍՈՓ. Զ. 24)։
Փետր․ 24, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (116-156)
ՆԵՐՍԷՍԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ – Ներսէս Մեծի ընտրութիւնը կաթողիկոսական գահին։
Փառէնի մահուընէն ետքը, Շահակ Մանազկերտացի ստանձնած էր հայրապետական գործոց հոգածութիւնը իբր տեղակալ, եւ աթոռը կը մնար դատարկ, եւ ամէն կողմէ յայտնուած կամքն այն էր, որ ի մնացորդաց տանն Գրիգորի, յայնմ զաւակէն գտցեն զառաջնորդութիւն (ԲԶՆ. 68)։
Փետր․ 24, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (116-156)
ԱՐՇԱԿԻ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ – Արշակ թագաւորի ամուսնութիւնների մասին։
Արշակի ամուսնական վիճակին, եւ իր զանազան կիներուն վրայ այնպէս խառնակ են տրուած տեղեկութիւնները, եւ այնպէս իրարու կը հակառակին, որ պատմական շարայարութեան վերածելու համար, պէտք կ’ըլլայ ինչինչ կէտեր բոլորովին փոփոխել, եւ ուրիշ կէտեր ալ դուրս ձգել։
Փետր․ 24, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (116-156)
ՈՂԻՄՊԻԱԴԱ ԹԱԳՈՒՀԻ – Ո՛չ թէ Ներսեսի երկրորդ կին, այլ Արշակի հարսնացու։
Ողիմպիադա թագուհին Հայաստան է բերուել ո՛չ թէ որպէս Ներսէս Մեծի, այն ժամանակ՝ արքայի սենեկապետի երկրորդ կին, այլ որպէս Արշակ թագաւորի հարսնացու։