ՍՈՒՔԻԱՍԵԱՆ ԽՈՒՄԲԵՐ (26)

Վերագոյնդ (§ 23) յիշեցինք Սուքիասեան վկաներուն դարձը սուրբ Ոսկեանց քարոզութեամբ։ Ասոնք ազգաւ Ալան, եւ Սաթենիկ թագուհիի ազգականներէն, ու Արտաշէսի պալատին ազնուականներէն էին, որոնք մկրտւելէ ետքը պալատը թողուցին, ու Ջրաբաշխ լեռը քաշուելով, ճգնաւորական կեանք վարեցին,...

ԳՈՐԾԵՐՆ ՈՒ ՎԱԽՃԱՆԸ (25)

Միայն Արտազեան յիշատակարանէ ունինք հայրապետիս անունը, մինչ Զաքարիայի եւ Զեմենտոսի անունները ուրիշ պատմութեանց մէջ ալ հիշուած էին։ Հետեւապէս իր ծագումին եւ նախընթացին եւ գործունէութեան մասին մանրամասնութիւններ կը պակսին։ Իրեն պաշտօնավարութեան տեւողութիւնը նշանակուած է...

ԳՈՐԾԵՐՆ ՈՒ ՎԱԽՃԱՆԸ (24)

Առաջին Լոսաւորիչներուն Գալիլիացի լինելը յայտնի, եւ Զաքարիայի ալ անոնց հայրենակից լինելը հաւանական եղած ատեն, Զեմենտոս կը ներկայանայ իբր Հայ եկեղեցւոյ առաջին հայազգի հայրապետ։ Արքունական հաւատարիմներէն էր նա առաջ. իշխան ի վերայ ամենայն ճանապարհացն, որ է կերպով մը մեր...

ՍՈՒՐԲ ՈՍԿԵԱՆՔ (23)

23. Բայց ասոնցմէ աւելի նշանաւոր են Ոսկեանց խումբին մարտիրոսները, Ս. Ոսկի քահանայ եւ իր չորս ընկերները, որոնց յիշատակը կը տօնէ Հայ Եկեղեցին սկիզբէն ի վեր։ Ոսկին, յունական հնչմամբ Խռիւսոս, եւ իր ընկերները, ազգաւ Հռոմայեցի կամ Հոռոմ, գործով կամ պաշտօնով Հայաստան եկած...

ՍԻՒՆԵԱՑ ԱԹՈՌԸ (22)

22. Զաքարիայի ժամանակակից յիշատակարաններուն մէջ, նախ եւ առաջ յիշենք Կումսին, որ Բարթողիմէոսէ Սիւնեաց եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ Շաբ իշխանի եւ Նշնա իշխանուհւոյ խնդրանօք։ Կումսի հաւանաբար Եւստաթէոսէ ետք Սիւնեաց կողմերու մեծ տեսուչն եղաւ, այլ թէ ինչչափ ատեն ապրեցաւ...

ԿԱՆՈՆՔ ԹԱԴԷՈՍԻ (21)

21. Զաքարիա անունը նշանակուած կը գտնենք կանոնագիրքին մէջ ալ, Սահմանք կանոնաց Սրբոյն Թադէոսի գլխուն վերջը, հետեւեալ բառերով. Զայս օրինակութիւնս ես Զաքարիա աշակերտ Թադէոսի առաքելոյ գրեցի, որպէս լւայ ի նմանէ, ամենայն հաւատացելոցն Քրիստոսի (ԿԱՆ. 20)։ Յիշեան կանոնները 33...