ՏԵՍԻԼՔԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ (56)

Լուսաւորիչի տեսիլքը երկրորդ մաս մըն ալ ունի, ինչպէս ինքն պատմած է։ Նա տեսաւ որ ընդարձակ դաշտը լեցուն էր միասիւն սեղաններով, որոնց իւրաքանչիւրին վրայ մի մի խաչ կայր։ Գետ մը կ’անցնէր դաշտին մէջէն, որուն մէկ կողմէն կու գային սեւ այծեր, եւ գետը անցնելով ճերմակ ոչխարներ կը...

ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՏԵՍԻԼՔԸ (55)

Կէս գիշեր էր, կ’ըսէ Գրիգոր, դուք ամենքնիդ խոր քունի մէջ էիք. իսկ ես տակաւին արթուն՝ աստուածային նախախնամութեան վրայ կը խորհրդածէի, եւ ահա բոմբիւն ու թնդիւն մը լսեցի, եւ տեսայ որ երկինք կը բացուէր, լուսոյ շողեր կը ճառագայթէին, եւ այր մի ի կերպարանս լուսոյ, երկինքէն...

ԴԱՐՁԻՆ ՍԿԻԶԲԸ (54)

Գրիգոր անմիջապէս իր առաքելական գործունէութեան կը ձեռնարկէ, իրաւ ալ յարմարագոյն պատեհ չէր կրնար գտնել արդիւնաւոր յաջողութիւն ունենալու համար։ Հարուածեալներու, եւ առհասարակ ամէն սարսափահարներու, հնգօրեայ բացարձակ պահեցողութիւն մը կը հրամայէ, ուրկէ ետքը հարուածեալներուն...

ԵԼՆ Ի ՎԻՐԱՊԷ (53)

Հռիփսիմեանց նահատակութիւնը խոր յուզում եւ տպաւորութիւն թողուց Տրդատի վրայ, որ վեց օրեր խոր տխրութեան մատնուած մնաց, եւ երբ վեցերորդ օր ուզեց որսի ելլել, յանկարծ մոլեգնել սկսաւ, եւ ինքզինքը անզգայութեան տալով դաշտերը կը թափառէր, եւ հնար չէր ըլլալ զայն զսպել։...

ԿՈՅՍԵՐՈՒՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍՈՒԹԻՒՆԸ (52)

Երբ կոյսերը յայտնուեցան, խիստ պահպանութեան ներքեւ առնուեցան, Հռիփսիմէի գեղեցկութեան հռչակը տարածուեցաւ, եւ թագաւորը հրամայեց պատուով իրեն բերել, բայց կոյսերուն դիմադրութեան վրայ, զայն բռնութեամբ տանելու հրաման տրուեցաւ։ Տրդատ բուռն հարկանէր զնմանէն, կատարել զկամս...

ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆ ԿՈՅՍԵՐ (51)

Լուսաւորչի վիրապային կեանքին վերջին տարին էր, երբ նախախնամական պատահար մը կը պատրաստէր, թէ՛ անոր խաւարչտին արգելարաներէն ազատութիւնը, եւ թէ Հայոց աշխարհին կռապաշտութեան խաւարէն վերջնական ազատութիւնը։ Խումբ մը կուսաններ կը հասնէին Վաղարշապատ մայրաքաղաքին մօտերը, եւ կը...