ԲՈՐԲՈՐԻՏՈՆ ԱՂԱՆԴԸ (207)

Ատտիկոս պատրիարքէ Սահակի ուղղուած գիրին մէջ յիշուած էին բորբորիտոնաց աղանդին հետեւողները, եւ յանձնարարուած էր, որ անոնց հետամտի, որպէսզի կամ զիջանին հաւանիլ եւ իրենց վարդապետութենէն հրաժարիլ, եւ եթէ չհաւանէին, Սահակի կ’ըսուէր՝ հալածել ի քումմէ վիճակէդ (ԽՈՐ. 255)։...

ՄԵՍՐՈՊԻ ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆԸ (206)

Սահակի մեկնելէն ետքը, Մեսրոպ արդիւնաւոր կերպով վարեց իր պաշտօնը յունական բաժնին մէջ, ամէն կողմ դպրոցներ բացաւ եւ տեսուչներ հաստատեց։ Գնիթ եպիսկոպոս Դերջանի դպրոցներուն վերակացութիւնը ստանձնեց, Դանան Եկեղեցացիի յանձնուեցան Եկեղեաց, այսինքն՝ Երզնկայի գաւառին դպրոցները,...

ԱՐՏԱՇԻՐԻ ԹԱԳԱՒՈՐԵԼԸ (205)

Սահակի գալուստը մխիթարական ակնկնլութեանց նշան մը եղաւ ամենուն։ Հազիւ թէ հայրապետանոց հասած, գլխաւորներուն խորհուրդով համազգային ժողով մը կը հրաւիրէ եւ կուտեալ զամենայն նախարարազունսն խորհրդակցութեան կը մտնէ, թէ ինչ կերպով պիտի յաջողին երկրին բարեկարգութիւնը նորոգել։...

ՍԱՀԱԿԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ (204)

Մեսրոպ ու Վարդան ու Գնիթ կայսերական եւ պատրիարքական հրամանագիրները առած, եւ յատուկ պատիւներով փառաւորուած, Բիւզանդիոնէ դառնալով Անատոլիոսի ներկայացուցին բերած հրամանագիրնին, եւ պէտք է ըսել, թէ Անատոլիոս, որ ինք իր գլուխ բան մը ընելու վարանած էր, հրամանը ստանալէ ետքը...

ՍՏԱՑՈՒԱԾ ԱՐՏՕՆՈՒԹԻՒՆԸ (203)

Պատգամաւորութեան ելքը հաջող եղաւ եւ առին զոր յուսայինն եւ զոր ոչն յուսային (ԽՈՐ. 253)։ Թէոդոս Փոքր 16 տարեկան եղած էր, խնամակալութիւնն ալ իր Պուղքեբիա քրոջ ձեռքն անցած էր, ուխտեալ կուսան մը, տակաւին ծաղկահասակ, եւ բոլորովին բարեպաշտութեանց նուիրեալ։ Ատտիկոս ալ, որ...

ԲԻՒԶԱՆԴԻՈՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՆԵՐ (202)

Գիրի վերջնական գիւտէն՝ 406-ին, մինչեւ Խոսրովի մահը՝ 415ին, երկրին խաղաղ կառավարութեան ատեն, Սահակ պատեհ գտաւ Հայաստանի պարսկական բաժնին մէջ ընդարձակել Հայ լեզուի ուսուցումը, եւ բարեկարգել հայ ծէսով կատարուած արարողութիւնները։ Երկիրը նոր ոգի եւ նոր պայծառութիւն ստացաւ,...