ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ (69)

Կրթական ձեռնարկէն աւելի էական էր, հոգեւոր պաշտամանց կարգադրութիւնը։ Հայերէն լեզուն գրուած եւ կարդացուած լեզու չլինելով՝ անհնար էր ամէն մասերով կատարել պաշտամունքներ եւ արարողութիւններ ունենալ Հայոց համար եւ Հայոց յատուկ։ Միւս կողմէն Գրիգոր ինքն Կեսարիայի մէջ սնած եւ...

ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (68)

Յատուկ մտադրութիւն դարձուցած է Գրիգոր քուրմերու սերունդները եկեղեցական պաշտօններու կոչելու։ Այդ գործին մէջ գլխաւորապէս կը տեսնուի առաքելական գործին դիւրութիւններ պատրաստելու մտադրութիւնը, վասնզի հեթանոսութեան ատեն կրօնական ծառայութիւնը յատուկ դասակարգի մը ժառանգական...

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆՔ (67)

Լուսաւորիչի հովուական հոգածութիւնը չէր կրնար լոկ նիւթական շինութիւններով վերջանալ, պէտք էր որ եկեղեցին իր բարոյական եւ կանոնական եւ ծիսական կազմուածովը նորինորոյ պատրաստուէր։ Որչափ ալ առաքելական քարոզութիւնն ու յաջորդութիւնը՝ եկեղեցւոյն ծագումն ու ինքնագլխութիւնը...

ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԿԱԹՈՂԻԿԷՆ (66)

Մայր տաճարը նուիրուած է յանուն Ս. Աստուածածնի, որուն գլխաւոր եւ միակ հնաւանդ տօնը ննջման կամ փոխման տօնն էր, զոր Վերափոխում կը կոչենք այժմ, եւ զոր ուրիշ եկեղեցիներ Օգոստոս 15-ին կը տօնեն, իսկ մենք մերձաւորագոյն կիրակէն։ Տօնին նախընթաց Շաբաթ օրը կը յիշատակենք Շողակաթը,...

ՏՐԴԱՏԻ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆԸ (65)

Գրիգոր մինչեւ սահմի 7, կամ Նոչեմբեր 17 Տարօնի մէջ մնալէ, եւ նահանգին ամէն կողմերը քրիստոնէութիւնը ամրացնելէ ետքը, ճամբայ ելաւ երթալ Բագրեւանդ, ուր էր Բագաւանը կամ Դիցաւանը, հեթանոսական պաշտամանց մեծ կեդրոններէն մին, եւ բոլոր անցած տեղերը, շինէր եկեղեցիս եւ առնէր...

ՏԱՐՈՆԻ ՔԱՐՈԶՈՒԹԻՒՆԸ (64)

Կեսարիայէ մեկնելով Գրիգոր հանդիպեցաւ Սեբաստիա, հաւաքել զդասս կրօնաւորաց (ԶԵՆ. 24), բայց թերեւս ազգակցական յարաբերութիւններ ալ նորոգելու, կամ որովհետեւ անդ գտանէր բազմութիւն եղբարց (ԱԳԹ. 420), զի կրօնաւորաց պէտքը առաւելապէս Կեսարիայի մէջ կրնար հոգալ։ Գրիգորի հետ...