Հատկորոշիչների արխիվ | Առաքեալ

ՔԱՐՈԶՈՒԹԵԱՆՑ ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐ (13)

13. Ուրիշ ժամանակագրական խնդիր մըն ալ ծագում կ’առնէ առաքեալներուն Պաղեստինէ ցրուելուն եւ հեթանոս երկիրներ քարոզելուն թուականէն. վասնզի թէ հաւանական չ’երեւիր եւ թէ ընդհանրապէս ընդունուած չէ, որ Քրիստոսի համբարձումէն անմիջապէս ետքը հեթանոսաց առաքելութիւնները սկսած ըլլան. եւ այն ալ նոյն իսկ Գալիլիացի առաքեալներուն ձեռքով։ Այդ դրութիւնը ընդունիլ հարկ կ’ըլլար եթէ պնդէինք, թէ Լաբուբնիայի պատմութեան համեմատ, անմիջապէս յետ [...]

Շարունակել կարդալ
0

Հատկորոշիչներ՝ ,

ՈՒՐԻՇ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐ (11)

11. Հայաստանի առաքելական քարոզութեան յիշատակութիւնները լրացնելու համար աւելցնենք, թէ Թադէոսէ եւ Բարթողիմէոսէ զատ Հայաստանէ անցան կ’ըսուի եւս Թովմաս, որ Հնդկաց առաքեալը եղած է ըստ աւանդութեան։ Շմաւոն կամ Սիմոն Նախանձայոյզ ալ, որ իբր Պարսից առաքեալ ճանչուած է (ԽՈՐ. 110) եւ որուն անունով կը պարծի ցարդ Քաղղէացւոց Բաբելոնի կամ Տիզբոնի պատրիարքութիւնը, Հայաստանէ անցած է։ Յովհաննէս Աւետարանիչի գրած [...]

Շարունակել կարդալ
0

Հատկորոշիչներ՝

ԱՌԱՔԵԼՈՑ ԳԵՐԵԶՄԱՆՆԵՐԸ (10)

10. Բարթողիմէոսի Հայոց առաքեալ ըլլալուն, եւ Հայաստանի մէջ նահատակուելուն պատմութիւնը ընդհանուր է բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիներու մէջ, այնպէս որ այդ մասին բնաւ դժւարութեան հանդիպելու կամ առարկութիւններ լուծելու պէտք չի մնար։ Եթէ տարբերութիւն մը կայ, նահատակութեան տեղւոյն անունին վրայ է, որ մեր Խորենացիէն Ուրբանոս (ԽՈՐ. 295) կամ Արեբանա (ԽՈՐ. 112) կոչուած է, որ Ուրբանոպոլիս ալ գրուած է, [...]

Շարունակել կարդալ
0

Հատկորոշիչներ՝

ԲԱՐԹՈՂԻՄԷՈՍԻ ՔԱՐՈԶՈՒԹԻՒՆԸ (9)

9. Բարթողիմէոս առաքեալ անհակառակ կերպով երկոտասաններէն մէկն է (ՄԱՏ. Ժ. 3, ՄԱՐ. Գ. 18, ՂԿՍ. Զ. 13), եւ է նոյն ինքն Նաթանայէլ (ՅՈՀ. Ա. 45, ԻԱ. 2), որուն համար Յիսուս վկայեց, Ահա արդարեւ Իսրայելացի, յորում նենգութիւն ոչ գոյ (ՅՈՀ. Ա. 47), եւ որ բոլոր իր ընկերներէն առաջ Քրիստոսի աստուածութիւնը դաւանեցաւ ըսելով, Դու ես Որդի Աստուծոյ [...]

Շարունակել կարդալ
0

Հատկորոշիչներ՝ , ,

ԱՐՏԱԶՈՒ ՔԱՐՈԶՈՒԹԻՒՆԸ (8)

8. Հայոց աշխարհին լուսաւորութեան բուն պատմութիւնը կը սկսի Թադէոսի Հայաստան մտնելէն, որ զանազան կողմեր առաքելական պտոյտներ ընելէ ետքը կը հասնի Արտազ գաւառի Շաւարշան քաղաքագիւղը, ուր էին հովոց գետինք թագաւորացն Հայոց եւ ուր կը գտնուէր Սանատրուկ թագաւոր (2) (ՍՈՓ. Ը. 13)։ Թադէոսի քարոզութիւններ եւ բժշկութիւններ իրենց ազդեցութիւնը ունեցան եւ բազումք հաւատացին ի Քրիստոս, ընդ որս եւ [...]

Շարունակել կարդալ
0

Հատկորոշիչներ՝ , ,

ՅՈՒԴԱ ԹԱԴԷՈՍ (7)

7. Եթէ Հայ մատենագիրները քննենք, կը տեսնենք որ տարտամ եւ անորոշ գաղափար մը ունին իրենց առաջին առաքեալ Թադէոսին վրայ, զոր երբեմն երկոտասաններէն եւ երբեմն եօթանասունուերկուքներէն մէկը եղած կը կարծեն։ Բայց ճիշտ այս անորոշութիւնն է որ մեր կարծիքին կը նպաստէ, եւ կը ցուցնէ թէ նախնական աւանդութիւն մը տեղի ունեցած է Յուդա-Թադէոսի առաքելութեան վրայ, որ յետ ժամանակաց [...]

Շարունակել կարդալ
0

Հատկորոշիչներ՝ , ,

ԵՐԿՈՒ ԹԱԴԷՈՍՆԵՐ (6)

6. Լաբուբնայի ասորերէն եւ հայերէն օրինակներու տարբերութիւնը, առաջին տեսութեամբ կրնայ Հայ թարգմանիչին յանդգնութեան վերագրուիլ, որ համարձակած է բնագիրը աղաւաղել իր ազգին նպաստաւոր պարագաներ մուծանելով անոր մէջ։ Սակայն բոլորովին օտարոտի չէր լիներ, նոյնիսկ Ասորիներու վերագրել աղաւաղութեանց ներմուծումը (1)։ Այդ կարծիքը հաւանական է կը դառնայ երբ դիտենք, որ ասորի բնագիրին համեմատ Աբգար, տակաւին Թադէոս չմեռած, անոր հարուստ [...]

Շարունակել կարդալ
0

Հատկորոշիչներ՝ ,

Կայքի սպասարկումը՝ ԱԲՍՏՐԱԿՏ