Վերջին թարմացման ժամանակը`
16.05.2012

Հոդված գրառելու համար սեղմեք այստեղ
ԱԶԳԱՊԱՏՈՒՄ
Նյութերի քանակը էջում`

Սույն ենթաբաժնում ներկայացված է Մաղաքիա արքեպիսկոպոս Օրմանյանի «Ազգապատում» գիրքը

Ս. ՇԱՒԱՐՇ ՀԱՅՐԱՊԵՏ (31)

ԳՈՐԾԵՐՆ ՈՒ ՎԱԽՃԱՆԸ  Արտազեան յիշատակարանը կու տայ հայրապետիս անունը իբր Շահէնի յաջորդ, աւելցնելով թէ Աղուանից երկրէն էր, եւ թէ քսան ամ կառավարեալ է զհօտն Արտազու (68 ԱՐՐ. 102)։ Այդ տարիները բարդելով նախորդներու հաշուոյն կը հասնինք մինչեւ 171։ Շաւարշի, ինչպէս նաեւ ...>>>
0 Դիտումներ` 59

Ս. ՇԱՀԷՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏ (30)

ԳՈՐԾԵՐՆ ՈՒ ՎԱԽՃԱՆԸ Արտազեան յիշատակարանի համառօտ ակնարկէն զատ տեղեկութիւն չունինք հայրապետիս վրայ, Շահէն եպիսկոպոս ամս քսան եւ հինգ (68 ԱՐՐ. 102), եւ ուրիշ ոչ մի կողմէն որեւէ աւանդութիւն չունինք, որ լոյս սփռէ ժամանակիս կացութեան եւ եղելութեանց վրայ։ Իսկ Շահէն հայրապետի ...>>>
0 Դիտումներ` 66

ՍԻՒՆԵԱՑ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐ (29)

Սիւնեաց աթոռը դատարկ մնաց Մուշէի չդառնալովը, որով նահանգին հաւատացեալները անոք եւ անօգնական վիճակի մէջ մնացին։ Կային մնային անտէրունջք, բնակեալ այսր եւ անդր, եւ ոմանք դօղեալք ի լերինն Գարուայ միայնաւորութեամբ զկեանս իւրեանց վարէին՝ զբազումս ուսուցանելով յոլով ժամանակօք (ՕՐԲ. Ա. 62)։ Յայտնի ...>>>
0 Դիտումներ` 83

Ս. ՄՈՒՇԷ ՀԱՅՐԱՊԵՏ (28)

ԳՈՐԾԵՐՆ ՈՒ ՎԱԽՃԱՆԸ Հայրապետիս անունը կը գտնենք հաւասարապէս Արտազեան եւ Սիսական աւանդութեանց մէջ, ինչպէս վերեւ յիշեցինք (§ 25)։ Արտազեան յիշատակարանը զայն Մուշեղ ալ կը կոչէ՝ անուններու նմանաձայնութեամբ (68 ԱՐՐ. 102), բայց կը նախադասենք Մուշէ յորջորջել, որ է նոյն ինքն Մովսէս ...>>>
0 Դիտումներ` 65

ՍՈՒՔԻԱՍԵԱՆՑ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ (27)

Սուքիասեանց խումբին գլխաւորին անունը Բարաքաթրա կամ Բահաթրա է եղած առաջ, եւ մկրտութեան ատեն Սուքիաս անունը ստացած, որ յունական Հիւսիքոս անունին տարբեր հնչումը կը կարծուի։ Աստիճանով ալ յերկրորդական գահէն թագակից է եղած Ալանաց թագաւորին (ՍՈՓ. Ա. 41), եւ իբր Սաթենիկ թագուհւոյն ...>>>
0 Դիտումներ` 104

ՍՈՒՔԻԱՍԵԱՆ ԽՈՒՄԲԵՐ (26)

Վերագոյնդ (§ 23) յիշեցինք Սուքիասեան վկաներուն դարձը սուրբ Ոսկեանց քարոզութեամբ։ Ասոնք ազգաւ Ալան, եւ Սաթենիկ թագուհիի ազգականներէն, ու Արտաշէսի պալատին ազնուականներէն էին, որոնք մկրտւելէ ետքը պալատը թողուցին, ու Ջրաբաշխ լեռը քաշուելով, ճգնաւորական կեանք վարեցին, յորդաբուխ աղբիւրի մը մօտերը, եւ 44 ...>>>
0 Դիտումներ` 80

ԳՈՐԾԵՐՆ ՈՒ ՎԱԽՃԱՆԸ (25)

Միայն Արտազեան յիշատակարանէ ունինք հայրապետիս անունը, մինչ Զաքարիայի եւ Զեմենտոսի անունները ուրիշ պատմութեանց մէջ ալ հիշուած էին։ Հետեւապէս իր ծագումին եւ նախընթացին եւ գործունէութեան մասին մանրամասնութիւններ կը պակսին։ Իրեն պաշտօնավարութեան տեւողութիւնը նշանակուած է տասնուհինգ տարի, իսկ վախճանը մարտիրոսութեամբ, առանց որոշ ...>>>
0 Դիտումներ` 61

ԳՈՐԾԵՐՆ ՈՒ ՎԱԽՃԱՆԸ (24)

Առաջին Լոսաւորիչներուն Գալիլիացի լինելը յայտնի, եւ Զաքարիայի ալ անոնց հայրենակից լինելը հաւանական եղած ատեն, Զեմենտոս կը ներկայանայ իբր Հայ եկեղեցւոյ առաջին հայազգի հայրապետ։ Արքունական հաւատարիմներէն էր նա առաջ. իշխան ի վերայ ամենայն ճանապարհացն, որ է կերպով մը մեր այժմեան հանրային ...>>>
0 Դիտումներ` 85

ՍՈՒՐԲ ՈՍԿԵԱՆՔ (23)

23. Բայց ասոնցմէ աւելի նշանաւոր են Ոսկեանց խումբին մարտիրոսները, Ս. Ոսկի քահանայ եւ իր չորս ընկերները, որոնց յիշատակը կը տօնէ Հայ Եկեղեցին սկիզբէն ի վեր։ Ոսկին, յունական հնչմամբ Խռիւսոս, եւ իր ընկերները, ազգաւ Հռոմայեցի կամ Հոռոմ, գործով կամ պաշտօնով Հայաստան ...>>>
0 Դիտումներ` 98

ՍԻՒՆԵԱՑ ԱԹՈՌԸ (22)

22. Զաքարիայի ժամանակակից յիշատակարաններուն մէջ, նախ եւ առաջ յիշենք Կումսին, որ Բարթողիմէոսէ Սիւնեաց եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ Շաբ իշխանի եւ Նշնա իշխանուհւոյ խնդրանօք։ Կումսի հաւանաբար Եւստաթէոսէ ետք Սիւնեաց կողմերու մեծ տեսուչն եղաւ, այլ թէ ինչչափ ատեն ապրեցաւ նշանակուած չենք գտներ, եւ Բարթողիմէոսի ...>>>
0 Դիտումներ` 78

ԿԱՆՈՆՔ ԹԱԴԷՈՍԻ (21)

21. Զաքարիա անունը նշանակուած կը գտնենք կանոնագիրքին մէջ ալ, Սահմանք կանոնաց Սրբոյն Թադէոսի գլխուն վերջը, հետեւեալ բառերով. Զայս օրինակութիւնս ես Զաքարիա աշակերտ Թադէոսի առաքելոյ գրեցի, որպէս լւայ ի նմանէ, ամենայն հաւատացելոցն Քրիստոսի (ԿԱՆ. 20)։ Յիշեան կանոնները 33 յօդուածներ կը պարունակեն ...>>>
0 Դիտումներ` 68

ԱՐՏԱԶԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆ (20)

20. Սակայն Արտազու աթոռին յաջորդութիւնն ալ բացատրելու համար շատ քիչ էին առձեռն գտնուած տեղեկութիւնները, եւ գրեթէ բան մը ըսել հնար պիտի չըլլար, եթէ բարեդէպ պարագայ մը օգնութեան չհասնէր եւ փոքրիշատէ նիւթ չընծայէր մեր նախադասած դրութեան։ Այդ օժանդակութիւնը կ’ընծայէ մեզի Մայր ...>>>
0 Դիտումներ` 78

ԱԹՈՌՆԵՐՈՒ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (19)

19. Թեթեւ ակնարկ մըն ալ կը բաւէ ցուցնել, թէ հնար չէր Հայոց Եկեղեցւոյն առաքելական յաջորդութիւնը պաշտպանել սովորական ցուցակով, որուն կը մտնեն 3 առաքեալներ ցրիւ նշանակուած, եւ 3 Արտազու, 4 Սիւնեաց, 7 Եդեսիոյ եւ 7 Կեսարիոյ եպիսկոպոսներ։ Որեւիցէ աթոռ յատուկ եւ ...>>>
0 Դիտումներ` 94

ՅԱՋՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱԿԸ (18)

18. Թերեւս ոմանց նորութիւն երեւի, որ մենք առաքելական յաջորդութիւնը անմիջապէս եւ ուղղակի Արտազու աթոռին եւ Զաքարիայի կը սեփականենք, ինչ որ ասկէ առաջ եղած չէր, իսկ օրացոյրներու ու պարբերականներու մէջ երեւցած վերջին ցուցակներն ալ մեր նախաձեռնութեամբ կազմուիլ սկսած են։ Ազգային հին ...>>>
0 Դիտումներ` 78

ԳՈՐԾԵՐՆ ՈՒ ՎԱԽՃԱՆԸ (17)

17. Զաքարիայի անունը կը գտնենք Թադէոսի վկայաբանութեան մէջ նշանակուած, իբր առաքելոյն լծակից եւ պաշտօնեայ Տեառն, որ նորահաւատներուն պիտի սորվեցնէ զբանս սուրբ աւետարանին, զոր եդ ի բերան նորա Սուրբ Հոգին (ՍՈՓ. Ը. 54)։ Այդ բացատրութեանց բառական իմաստ տալ ուզած ատեննիս, կրնանք ...>>>
0 Դիտումներ` 122

ՅԻՇԱՏԱԿԵԼԻ ՍՈՒՐԲԵՐ (16)

16. Տօնացոյցէ դուրս Յայսմաւուրքի մէջ յիշատակուած են առաքեալներուն հետ նահատակուող վկաներն ալ, ինչպէս մենք ալ յիշեցինք։ Այս կարգէն են Սամուէլ իշխան եւ Զարմանդուխտ իշխանուհի, որք Թադէոսի վկայակից եղան, եւ Տերենտիոս հազարապետ եւ Ոգուհի արքայաքոյր, որք Բարթողիմէոսի հետ նահատակուեցան։ Առաջիններուն նշխարաց ...>>>
0 Դիտումներ` 212

ՏՕՆԵԼԻ ՍՈՒՐԲԵՐ (15)

15. Հայոց լուսաւորութեան ժամանակակից անձերէն են առաջին առաքեալներուն հետեւողներէն եւ աշակերտներէն ծանօթ անուններն ալ առանձինն քաղել հարկ կը սեպենք, պատմական տեղեկութիւնները լրացնելու համար։ Առաջին այդ կարգին պիտի յիշենք Ս. Ադդէ, Եդեսիոյ առաջին եպիսկոպոսը։ Ըստ Լաբուբնեայ, նա յառաջ արքունական կերպասագործ եւ ...>>>
0 Դիտումներ` 132

ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (14)

14. Հայոց լուսաւորութեան պատմութեան առթիւ կը յիշատակուին քանի մը նուիրական սրբութիւններ, որք Հայերուն կողմէն ամենայն երկիւղածութեամբ յարգուած են։ Առաջին է Սուրբ Դաստառակը կամ Յիսուսի անձեռագործ պատկերը։ Թէպէտեւ Լաբուբնիա զայն պարզապէս ձեռագործ կը նկատէ, որովհետեւ կ’ըսէ, թէ Անան առեալ նկարեաց զպատկերն ...>>>
0 Դիտումներ` 188

ՔԱՐՈԶՈՒԹԵԱՆՑ ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐ (13)

13. Ուրիշ ժամանակագրական խնդիր մըն ալ ծագում կ’առնէ առաքեալներուն Պաղեստինէ ցրուելուն եւ հեթանոս երկիրներ քարոզելուն թուականէն. վասնզի թէ հաւանական չ’երեւիր եւ թէ ընդհանրապէս ընդունուած չէ, որ Քրիստոսի համբարձումէն անմիջապէս ետքը հեթանոսաց առաքելութիւնները սկսած ըլլան. եւ այն ալ նոյն իսկ Գալիլիացի ...>>>
0 Դիտումներ` 166

ԺԱՄԱՆԱԿԱԳՐԱԿԱՆ ԲԱՂԴԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (12)

12. Թադէոսի եւ Բարթողիմէոսի ժամանակագրութիւնը հաստատել բաւական դժուարութեանց տեղի կու տայ։ Նախ եւ առաջ պէտք է նկատի առնուլ այն հիմնական տարբերութիւնը, զոր Հայաստանի քաղաքակրթութեան մասին կը ներկայեն մեր Խորենացիին եւ Հռովմայեցի պատմագիրներուն յառաջ բերած անուններն ու ժամանակագրութիւնները։ Խորենացիին համեմատ Քրիստոսի ...>>>
0 Դիտումներ` 160

Մեր մյուս նախագծերը

Բաժանորդներին

ԼՈՒՍԱՄՈՒՏԸ հայերեն Лусамут на русском языке