Շահակ Կորճեայի կարծեցեալ կաթողիկոսությունը ընդունելի չըլլալով, Զաւէնի յաջորդ պիտի ընդունինք Ասպուրակէսը, համաձայն Խորենացւոյ եւ բոլոր հիներուն եւ գաւազանագիրներուն գրածին, եւ ենթադրելի իսկ չէ, որ Մանազկերտացիներուն տունը հայրապետութիւնը ձեռքէն հանած ըլլար։ Խորենացին պարզապէս ազգական Շահակայ եւ Զաւէնայ (ԽՈՐ. 231) կը ճանչնայ Ասպուրակէսը, ուրիշներ ի զաւակէ Աղբիանոսի (ԲԶՆ. 272) կ’ըսէն, եւ միեւնոյն իմաստն ունի, մինչ կան որ [...]
Արխիվ | ԱԶԳԱՊԱՏՈՒՄ
Սույն ենթաբաժնում ներկայացված է Մաղաքիա արքեպիսկոպոս Օրմանյանի «Ազգապատում» գիրքը
ՇԱՀԱԿ ԿՈՐՃԵԱՑ (170)
Բուզանդ, Զաւենէ ետքը Շահակ Կորճեայ անունով գլուխ եպիսկոպոսաց մը կը յիշէ, որ ամս երկուս պաշտօն կը վարէ եւ կը վախճանի (ԲԶՆ. 272)։ Խորենացի այսպիսի անուն մը չի ճանչնար, եւ բոլոր գաւազանագիրներէն միայն Միխայիլ Ասորին է, որ Բուզանդին կը հետեւի, ինքն ալ իր կողմէն Կորճեայ Շահակը եղբայր Զաւէնի ընելով (ՔԱՀ. 34)։ Մեր կարծեօք հնար չէ մէկ [...]
ԱՐՇԱԿ ԵՒ ՎԱՂԱՐՇԱԿ (169)
Երբոր Յոյներ ձեռնաթափ եղան Հայաստանի գործերէն, եւ Մանուէլ Մամիկոնեան Վարազդատը հեռացնելով, ազատութիւն ստացաւ իր ուզածին պէս կարգադրել երկրին բախտը, յարմարագոյն սեպեց անչափահաս տղաքներ թագաւոր հռչակել, որպէսզի անոնց անունով ինք կարենայ իշխանութիւնը վարել։ Պապի սպանութենէն ետքը Հայաստան էր մնացած նորա այրին, Զարմանդուխտ թագուհին, իր երկու պզտիկ զաւակներով, Արշակ եւ Վաղարշակ (ԲԶՆ. 251)։ Զարմանդուխտի անունը կը ցուցնէ, [...]
ՀԱԳՈՒՍՏԻ ՏԱՐԱԶԸ (167)
Եկեղեցականների զգեստները Զավէն Մանազկերտցու ժամանակաշրջանում։ Կաթողիկոսի լռութիւնը եղբայրասպան պատերազմի ժամանակ – Ազգապատում – Օրմանեան։
0
Հատկորոշիչներ՝ եկեղեցական, եղբայրասպան, Զավէն, զգեստներ, կաթողիկոս, Մանազկերտցի, պատերազմ
ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ (166)
Կաթողիկոսական աթոռը Մանազկերտացի ազգատոհմին անցած էր արդէն։ Լուսաւորչեան տոհմին ժառանգը Սահակ ալ՝ կամ տակաւին Յունաստան էր, եւ կամ դեռ աթոռակալութեան հասուն չէր նկատուեր, ուստի առանց այլեւայլութեան, միեւնոյն Շահակի տոհմէն առնուեցաւ անոր յաջորդն ալ, որ եղաւ Զաւէն՝ ի նոյն ազգականութենէ Աղբիանու (ԽՈՐ. 231), կամ կենսագիրին ըսելովը՝ եղբայր Շահակայ (ՍՈՓ. Է. 28), որ փոխանցուած է ուրիշ ցուցակագիրներու [...]
ՇԱՀԱԿԻ ՄԱՀԸ (165)
Պապի դաւաճանութեամբ սպանուելէն ետքը, պահ մը նախարարները շփոթեցան եւ կասկածեցան Յոյներու բարեկամութեան վրայ, եւ խորհրդակցութեան մտան, այլ յաղթեց ընթացքնին չփոխելու կարծիքը։ Հարկաւ Յոյն զօրավարն ալ ջանաց արդարացնել Պապի սպանութիւնը, մանաւանդ որ անմիջապէս նոր թագաւոր հռչակուեցաւ Վարազդատ` ի նմին տոհմէ Արշակունեաց (ԽՈՐ. 229), եւ աւելի ճշդութեամբ՝ Պապի եղբօրորդին (ԲԶՆ. 48, ՍՈՓ. 118), ինչ որ կ’արդարացնէ մեր [...]
ՊԱՊԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ (164)
Խորենացի Պապի անօրէնութիւններէն տեղեկութիւն չունի, միայն կ’ըսէ, թէ՝ արհաարհեալ նշկահեաց Յունաց կայսրը, եւ սկսաւ պատրաստիլ ի պատերազմ (ԽՈՐ. 229)։ Թերեւս Պապ Տերենտիոսի ընթացքէն զզուած Պարսից կողմը միտում ունեցած ըսէինք, եթէ նախընթացաբար չգիտենայինք որ այս Տերենտիոսի քսութեանց արձագանքն էր։ Որովհետեւ Բուզանդի գրածին համեմատ, իբր թէ Պապ Պարսիկներուն դաշնակցելով Յունաց կայսեր պատգամ յղած ըլլայ, թէ՝ Կեսարիոյ հետ [...]
ՊԱՊԻ ԿԵՆՑԱՂԸ (163)
Շահակի հայրապետութեան առաջին տարին Պապի թագաւորութեան վերջին տարին եղաւ։ Պապ մէկ կողմէն իր զեղխ եւ անառակ կեանքին հետեւող, եւ երիտասարդական անխորհուրդ թափէ վարուած, երկրին բարօրութեան հոգ տանող չէր. միւս կողմէ անձնասէր եւ շահասէր խորհրդականներէ շրջապատեալ լուրջ ուղղութիւն մը կազմելու անկարող էր, բարոյական եւ կրօնական սկզբունքներու ալ յարգ չէր զգար, որով, ոչ յանիրաւի, իր դիրքին անբաւական [...]
ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԸՆԹԱՑՔԸ (162)
Շահակին վրայ զանազան անգամներ խօսելու առիթ ունեցանք, որով նորա նախընթացը բացատրուած եղաւ։ Լուսաւորչի ժամանակէն նախապատիւ ճանչցուած՝ Աղբիանոս եպիսկոպոսի հաւանաբար թոռը, Մանազկերտացեաց ազգատոհմին պետը, Մանազկերտի եւ Հարք գաւառի, այժմեան Մանազկերտի եւ վերին Պուլանըքի՝ թեմակալ եպիսկոպոսը, Հայ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական դասակարգին նախաթոռը, եւ Աղբիանոսի տրուած արքունական դրան վերակացութեան (ԱԳԹ. 442) ժառանգ էր Շահակ, աչքի զարնող դիրք մը ունէր, [...]
ԻՆՉ ԻՆՉ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (161)
Կեսարիոյ հետ յարաբերութեանց խնդիրին վերաբերեալները ամփոփելու համար, քանի մը մանր կէտեր ալ յիշենք։ Ներսէսի կենսագիրը կ’ըսէ, թէ` վիպէ վասն այսորիկ եւ Մեծն Սոկրատ պատմագիրն, եւ թէ` սուրբ ժողովն, որ եղեւ ի Կոստանդնուպոլիս սահմանեցին, զի Երուսաղէմ, Կիպրոս եւ Հայք ինքնագլուխ ունիցին զպատիւ պատրիարքութեան (ՍՈՓ. Է. 10)։ Սակայն ոչ Սոկրատի եւ ոչ ժողովական գործերու մէջ ասանկ յիշատակութիւն [...]
ԻՆՔՆԱԳԼՈՒԽ ԱԹՈՌ (160)
Կեսարիոյ եւ Հայոց աթոռներուն յարաբերութիւնները կ’երեւի թէ ուրիշ ժամանակներ ալ տեսակ մը խնդրոյ նիւթ եղած են, որ անոնց խզուելուն կերպ կերպ մեկնութիւններ փնտռուած են։ Ասոնցմէ մէկն է եւ այն ձեւը, զոր տուած է Ներսէսի հին կենսագիր մը, որուն հետեւած է նաեւ Պատմաբան կաթողիկոսը։ Ասոնց կարծիքով պատրիարքութիւնները առաջ չորս էին չորս աւետարանիչներու անուններով, այսինքն Անտիոք` Մատթէոսի, [...]
ԲԱՐՍԵՂԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՔ (159)
Բուզանդ անուն չի տար, թէ այդ որոշումները տուող Կեսարիոյ եպիսկոպոսը ով էր, սակայն ժամանակագրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ պէտք է Բարսեղ Կեսարացին ըլլայ, որ 370էն մինչեւ 379 Կեսարիոյ աթոռին վրայ էր, եւ ան միայն կրնար 373ին որոշումներ տալ։ Եթէ որեւէ աննշան եւ անծանօթ անձ մը ըլլար, գոնէ յիշատակին կորած լինելը ենթադրուէր, բայց Բարսեղի բոլոր գործերը, [...]
ԿԵՍԱՐԻԱ ՉԵՐԹԱԼԸ (158)
Շահակի հայրապետական աթոռ բարձրանալուն առթիւ Խորենացի կը գրէ, թէ՝ այս եղաւ առանց մեծի արքեպիսկոպոսին Կեսարու (ԽՈՐ. 228)։ Երբ Կեսարիոյ աթոռին միջամտութեան դադարման կ’ակնարկէ, անոր նախընթացաբար, գոնէ երբեմն, տեղի ունեցած ըլլալը կը հաստատէ։ Մենք ալ այդ միջամտութիւնը տեսանք Գրիգորի, Յուսիկի եւ Ներսէսի հայրապետութեանց ատեն, որոնք կանուխէն եպիսկոպոսական աստիճան չունէին, եւ միանգամայն ըսինք, թէ պէտք չեղաւ Արիստակէսի [...]
ԱՆՁՆ ՈՒ ԱՆՈՒՆԸ (157)
Ներսէսի մահը մեծ տպաւորութիւն գործեց Հայաստանի ամէն կողմերը։ Թէ տարիքին կողմէ անակընկալ էր անոր վախճանը, եւ թէ կացութեան կողմէ անհրաժեշտ էր անոր կեանքը ձախող կասկածներ ալ պակաս չէին մահուան պատճառին վրայ։ Ուստի Պապ թագաւոր տեսեալ սգացեալ զամենայն Հայս, պէտք զգաց հայրապետական աթոռը թափուր չթողուլ։ Բնական կերպով ընտրելի կը ներկայանար Ներսէսի Սահակ որդին, որ իբր 25 [...]
ՆԵՐՍԷՍԻ ԳՈՐԾԱԿԻՑՆԵՐԸ (156)
Ներսէսի առաջին գործակից եւ հաւատարիմ հետեւող Խադ եպիսկոպոսի յիշատակը տօնելի է հայրապետին հետ, թէպէտ պատմիչներու մէջ անոր վախճանին մասին որոշ յիշատակ չենք գտներ։ Վերջին անգամ յիշուեցաւ երբոր Ապահունի նախարարազուններ, իր աղջկան տագրներ, զինքն ազատեցին Արշակի հրամայած քարկոծումէն (ԽՈՐ. 220)։ Անկէ ետքը գործի մէջ յիշուած չէ։ Պապ թագաւորի օրով ալ տակաւին կենդանի եղած պիտի ըլլայ, եթէ [...]
