Պահքն ու պահեցողութիւնը Հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ

Բաժին՝ Պահքի օրեր
Տ. Հայազատ քահանա Մարտիկեան
 ——————————————-

ՊԱՀՔՆ ՈՒ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Պահքն ու պահեցողութիւնը իբրեւ կրօնական երեւոյթներ հասարակաց են միաստուածեան երեք կրօններու՝ Մովսիսականութեան, Քրիստոնէութեան եւ Իսլամութեան հոգեւոր կեանքին մէջ: Ամէն մէկ կրօն իր ուսուցումներով եւ կրօնական հաւատալիքներով կը թելադրէ իր հաւատացեալներուն, որ պահքը պահէն իբրեւ կրօնական պարտաւորութիւն:

Քրիստոնէութիւնը առաջին օրերէն սկսեալ նախանձախնդիր եղած է պահքի ուղիղ եւ ճշգրիտ ձեւով պահպանման: Քրիստոս ինքը եւս նախքան իր առաքելութեան սկսիլը, քառասնօրեայ ծոմ պահեցողութեամբ օրինադրեց Քառասնօրեայ պահեցողութեան երեւոյթը:

Անշուշտ Քառասնօրեայ պահեցողութեան սովորութիւնը Հին Կտակարանեան խորք ունի, Մովսէս Մարգարէն եւս Սինա լեռան վրայ տասնաբանեայ պատուիրանները ստանալէ առաջ Քառասնօրեայ պահք պահեց. «Մովսէս Տիրոջ հետ էր Քառասուն օր ու Քառասուն գիշեր: Ան հաց չկերաւ, ջուր չխմեց եւ տախտակներու վրայ գրի առաւ ուխտի խօսքերը տասը պատուիրանները» (ԵԼՔ. 34:28): Հին Կտակարանի մէջ պահեցողութեան մասին կայ Եղիա Մարգարէի, Դաւիթ թագաւորի, Յուդիթի եւ Նէէմ մարգարէի յիշատակութիւնը: Անշուշտ հին Կտակարանեան պահեցողութեան ըմբռնումը այլ էր, օրինակ՝ Դաւիթ իր որդւոյն առողջութեան համար պահք պահեց:

Նոր Կտակարանով պահեցողութեան ձեւն ու էութիւնը նոր իմաստ եւ նշանակութիւն ստացան: Քրիստոս իր «Լեռան քարոզ»ին մէջ կը շեշտէ պահքի եւ պահեցողութեան ձեւերու կարեւորութիւնը: Ան կ’ըսէ «Երբ ծոմ պահէք, տրտմերես մի ըլլաք կեղծաւորներու նման, որոնք կը կախեն իրենց երեսը, որպէսզի մարդոց ցոյց տան թէ ծոմ կը պահեն: Վստահ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը: Ընդհակառակը, երբ դուն ծոմ պահես, օծէ քու գլուխը եւ լուա քու երեսը, որպէսզի մարդիկ չտեսնեն թէ ծոմ կը պահես, այլ միայն քու Հայրդ թող տեսնէ, որ անտեսանելի է. եւ քու հայրը, որ կը տեսնէ քու կատարածը, քեզ կը վարձատրէ պաշտօնապէս» (Մատթ. 6:16-18):

Պահքը Քրիստոսի հասկացողութեամբ արտաքին երեւոյթով լոկ իմանալի եւ պահելիք բան չէ, այլ ներքին, հոգիի հաւատքով ըմբռնելի եւ կատարելի իրողութիւն: Պահեցողութիւնը մարդ արարածը կը վարժեցնէ ժուժկալութեան: Մանդակունի Հայրապետի բառերով «խիստ պահեցողութիւնը երկաթէ ջիղերու նման կը պահպանէ վարք ու կենցաղի առաքինութիւնները եւ հաւատի ամրութիւնը, որովհետեւ ան աննուաճելի աշտարակ է թշնամիին դէմ եւ ամուր պարիսպ Սատանային նետերուն դիմաց» (Հովհաննէս մանդակունի, ճառեր. Անթիլիաս 1996 էջ 207):

Պահեցողութիւնը մարդու հոգին զօրացնելով, անոր հոգիին մէջ կը ստեղծէ պարկեշտ ցանկութիւններ եւ աստուածահաճ խորհուրդներ: Պահքը արգիլուած կերակրատեսակներ չուտել չէ միայն, այլ ըստ էութեան, կը խափանէ մեղքը: Յովյաննես Երզնկացին, իր «Խրատ բոլոր Քրիստոնեաներուն» գրքին մէջ, երբ կը խօսի պահքի մասին, կ’ըսէ. «Քրիստոնեան պէտք է Սուրբ եւ անարատ պահէ պահքը, որովհետեւ անոնք որոնք սրբութեամբ պահք բռնեցին արդարացան, իսկ անոնք որոնք չպահեցիին կորսուեցան»:

Պահեցողութեամբ որոշ կերակրատեսակներէն հեռու մնալու աւանդութիւնը եւս աստուածաշնչական հիմք ունի. Դանիէլ մարգարէի գրքին մէջ կը կարդանք. «Այդ օրերուն ես Դանիէլս, երեք շաբաթ սուգի մէջ էի: Լաւ հաց չկերայ, միս եւ գինի չմտաւ իմ բերանը, իւղով չօծուեցայ, մինչեւ որ վերջացան երեք շաբաթները»:

Հետեւաբար Պահքի հիմնական նպատակը ինչպէս վերը ըսինք, ժուժկալութեամբ աստուածահաճ կեանք ապրիլն է, որպէսզի այդ ձեւով հնարաւոր ըլլայ հոգին զօրացնել, Հաւատքը ամրապնդել եւ դէպի երկնքի Արքայութիւն մեր երթը աւելի հաստատուն դարձնել: Եկեղեցւոյ Հայրերէն՝ Ս. Օգոստինոս Ափրիկեցին ըսած է. «Պահեցողութիւնը կը մաքրէ հոգին, կը բարձրացնէ միտքը, չափի ու հակակշիռի ներքեւ կը պահէ կիրքերը, կը սղօցէ ցանկութեան ամպերը, կը մարէ սեռային կրակը, կ’արծարծէ ժուժկալութիւնը եւ կը վառէ ճշմարտութեան լոյսը»:

Պահեցողութիւնը իր իրական հասկացողութեամբ ամբողջական դարձ է առ Աստուած, այսինքն կը նշանակէ հրաժարիլ ամէն տեսակի գայթակղեցուցիչ եւ հոգին աղարտող սովորութիւններէն եւ հետամտիլ բարեգործութեան, բարիք գործելուն:

Որքան գեղեցիկ է ու բնորոշիչ Եսայի մարգարէի այն հատուածը, ուր գեղեցիկ կերպով կը բացատրուի Աստուծոյ համար ընդունելի ծոմապահութիւնը եւ կ’ըսուի. «Այդ ինչպէս է որ մենք ծոմ պահեցինք, եւ դուն չտեսար, զրկանքնրու ենթարկեցինք մեզ եւ դուն չիմացար: Արդ, ձեր ծոմապահութեան օրերուն ձեր ցանկութիւնները կը կատարէք եւ կսկիծ կը պատճառէք բոլոր անոնց, որոնք ենթակայ են ձեզի: Հակառակութեան եւ կռիւներու մէջ կը պահէք եւ կը բռնցկահարէք տկարը: Իսկ իմ ինչին է պէտք այդպիսի ծոմապահութեան օրը. դուք պիտի գաք պիտի բողոքէք ինծի եւ ես պիտի չլսեմ ձեզ: Այդպիսի ծոմապահութիւն չէ զոր ես ընտրեցի, եւ ոչ ալ այնպիսի օրը, երբ մարդ իր անձը կը տանջէ: Եթէ պարանոցդ կորացնես օղակի նման ու տակդ քուրձ եւ մոխիր տարածես, այդ ալ սակայն չեմ համարեր ծոմ եւ ընդունելի օր. այդպիսի ծոմապահութիւնը չէ, որ ես ընտրեցի կ’ըսէ Տէրը. Քանդէ անիրաւութեան հանգոյցը, խորտակէ քու վաճառականական խարդախութիւնն ու բռնութիւնը, ներէ ու արձակէ նեղեալներն ու պատռէ բոլոր անիրաւ մուրհակները: Քաղցածներուն բաժնէ քու հացը եւ անօթեւան աղքատները տար քու տունը, եթէ մերկ մարդ տեսնես հագցրու զայն, բայց քու ընտանիքի զաւակը մի անտեսեր: Այն ժամանակ այգեբացի պէս պիտի ծաւալի քու լոյսը. եւ արագօրէն պիտի հասնի քու ապաքինումը, քու առջեւէն պիտի ընթանայ քու արդարութիւնը, եւ Աստուծոյ փառքը պիտի պահպանէ քեզ:

Այն ատեն պիտի կանչես եւ Աստուած պիտի լսէ քեզ. մինչեւ դուն խօսիս, ան պիտի ըսէ. «Ահա հասած եմ»:

Եթէ դուն քու մէջէդ հեռացնես խարդախութիւնը, ձեռնձգութիւնն ու տրտունջի խօսքերը, քու հացը յօժար սրտով քաղցածներուն տաս եւ չքաւոր մարդիկը կշտացնես, այն ատեն խաւարի մէջ կը ծագի քու լոյսը, քու խաւարը կը վերածուի միջօրէի: Քու Աստուածը ամէն ժամ քեզի հետ կ’ըլլայ, քու անձը ըստ ցանկութեան յագեցում կը ստանայ, եւ քու ոսկորները կը լիանան ու կ’ըլլան ինչպէս ջրարբի պարտէզ, ինչպէս աղբիւր, որմէ ջուրը չի պակսիր» (Ես. 58. 3-11):

Այստեղ հարկ է կարեւորութեամբ շեշտել նաեւ այն թէ, հարկ է պահքը հասկնալ իր ճշգրիտ եւ ուղիղ իմաստով եւ ոչ թէ ձեւականութեան մէջ: Պահքը ճիշտ ըմբռնելու մասին Քրիստոս յաճախ կը խօսէր ժողովուրդին հետ եւ բացատրութիւններ կուտար անոնց: Լսենք թէ ինչ կ’ըսէր մեր Տէրը այս մասին.

«… Յետոյ Յիսուսն իր մօտ կանչեց ամբողջ ժողովուրդը եւ ըսաւ անոնց.

Բոլորդ ալ լսեցէք զիս եւ լաւ իմացէք. որեւէ բան, որ դուրսէն կը մտնէ մարդուն մէջ, չի կրնար պղծել զայն, այլ ինչ որ դուրս կ’ելլէ մարդէն, ատիկա կը պղծէ մարդը: Ով որ ականջ ունի լսելու, թող լսէ:

Երբ ան ժողովուրդէն բաժնուեցաւ եւ տուն մտաւ, աշակերտները անոր հարցուցին, թէ ան ինչ կ’ուզէր ըսել իր այդ հանելուկային խոսքով:

Յիսուս անոնց ըսաւ.

Դուք այդքան անմիտ էք: Չէք հասկնար թէ ինչ որ դուրսէն մարդուն մէջ կը մտնէ, չի կրնար պղծել զայն, որովհետեւ դուրսէն եկածը ոչ թէ անոր սիրտը կը մտնէ, այլ անոր ստամոքսը եւ ապա դուրս կ’ելլէ մաքրելով բոլոր կերածները:

Եւ ան շարունակեց.

– Ընդհակառակը, ինչ որ մարդէն դուրս կ’ելլէ, ատիկա է որ կը պղծէ մարդը, որովհետեւ մարդուն ներսէն, այսինքն սրտէն է որ դուրս կ’ելլեն չար մտածումները. շնութիւն, պոռնկութիւն, գողութիւն, սպանութիւն, ագահութիւն, չարութիւն, նենգութիւն, գիջութիւն, չար նախանձ, հայհոյութիւն, անբարտաւանութիւն, անզգամութիւն: Այս բոլորը չար բաներն են, որ մարդու ներսէն ելլելով կը պղծեն զայն (Մրկ.7:14-23):

Պօղոս առաքեալ եւս նորադարձ հրեայ եւ հեթանոս քրիստոնեաներուն յաճախ կը թելադրէր, որ զգաստ ըլլան եւ ճիշտ ըմբռնեն պահքի իմաստը:Հռոմեացիներուն գրած իր նամակին մէջ ան կը բացատռէ թէ մարդ ինչպիսի ոգիով եւ տրամադրութեամբ պէտք է պահք պահէ եւ ամէն մարդ ինքն է իր արարքներու պատասխանատուն «ուրեմն, քանի որ մեզմէ ամէն մէկը իր անձին համար հաշիւ պիտի ներկայացնէ Աստուծոյ, դադրինք այսուհետեւ զիրար քննադատելէ եւ ատոր փոխարէն ջանանք պատճառ չդառնալ մեր եղբայրներու գայթակղութեան ու մեղանչումին»: (Հռոմ. 14:12)

Այո, քրիստոնեական հասկացողութեամբ «այն ինչ որ կը մտնէ մարդուն մէջ, չի կրնար պղծել զայն, այլ ինչ որ դուրս կ’ելլէ մարդէն ատիկա է որ կը պղծէ մարդը», սակայն միւս կոմէ չի նշանակեր որ մարդ ինքզինքը պիտի արդարացնէ պահք չպահելով, որովհետեւ երբ Քրիստոսին հարց կուտան թէ ինչու աշակերտները պահք չեն պահեր, ան կը պատասխանէ անոնց ըսելով. « Կրնաք հարսնիքի հրաւիրեալներուն ըսել որ ծոմ պահէն, երբ փեսան տակաւին իրենց հետ է: Կու գան օրեր, երբ փեսան կը հեռանայ իրենցմէ եւ այն ատեն իրենք ալ ծոմ կը տահեն» (Ղկ.5:34-35): Հետեւաբար, պահք պահելը իւրաքանչիւր քրիստոնեայի համար թէ կրօնական եւ թէ բարոյական պարտաւորութիւն է:

Մենք իբրեւ քրիստոնեաներ, կոչուած ենք հետեւելու մեր Տիրոջ կեանքի օրինակին եւ այդ հետեւիլը յանձնառութիւն ենթադրել կուտայ: Որեւէ կրօնական երեւոյթ ունի իր արտաքին եւ թէ ներքին սովորութիւնները, արարողութիւնները: հարկ է պահք պահել եւ ատիկա երկիւղածութեամբ պահել, որովհետեւ պահքը կը զօրացնէ քրիստոնեան իր պարտականութեան եւ պարտաւորութեանց, նաեւ հաւատքի մէջ: 350–ական թուականներուն, գումարուած ժողովի 20–րդ կանոնը կ’ըսէ. «իւրաքանչիւր չափահաս եւ մարմնով առողջ մարդ, որ քրիստոնեայ անունը կը կրէ եւ քառասնօրեայ պահքը մինչեւ վերջը չի պահեր, նզովեալ ըլլայ»:

Քրիստոսի եկեղեցին, հետեւողութեամբ իր հիմնադրի թելադրանքին, պահեցողութեան սովորութիւնը պահեց Գործք Առաքելոց Գրքին մէջ, առաջին դարու քրիստոնեաներու պահեցողութեան մասին, կը հանդիպինք վկայութիւններու. «Անտիոքի Եկեղեցւոյ մէջ կային մարգարէներ եւ ուսուցիչներ»: «Օր մը անոնք պաշտամունք կը մատուցանէին Տիրոջ եւ ծոմապահութեան մէջ էին, երբ սուրբ Հոգին ըսաւ. տրամադրեցէք Բառնաբասին եւ Սողոսին այն գործի համար, որուն ես կոչած եմ զանոնք: Այն ատեն անոնք ծոմապահութեամբ եւ աղօթքով ձեռք դրին անենց վրայ եւ ուղարկեցին զանոնք» (13:2-3):

Քրիստոնեաները առաջին դարերէն սկսեալ հետեւութեամբ Փրկչի քառասնօրեայ ծոմապահութեան, իրենք եւս պահեցողութեան քառասնօրեայ շրջանը կը պահէին օրական մէկ ժում կերակուրով, որովհետեւ մարդկայնօրէն հնարաւոր չէր 40 օր եւ գիշեր տոկալ անօթութեան. ասիկա եկեղեցւոյ կեանքին մէջ կոչուեցաւ Մեծ Պահք, ի տարբերութիւն միօրեայ եւ կամ միշաբաթեայ պահքերու, զոր հաւատացեալները սովոր էին պահել: Մեծ Պահքի հիմնական նպատակն էր պատրաստութիւն Ս. Յարութեան տօնին:

Ըստ մեզի հասած գրաւոր վկայութիւններուն, ծոմը պահքի հնագոյն ձեւը եղած է. այսինքն ամբողջ օր մը եւ կամ օրեր, բան չուտել: Յետոյ այս ձեւը բարեփոխուեցաւ եւ վերածուեցաւ օրուայ մէկ մասին միայն ուտել բուսական կերակուրներ եւ հեռու մնալ միսէն եւ կենդանական արտադրութիւններէ: Քառասնօրեայ պահեցողութեան յիշատակութեան առաջին անգամ կը հանդիպինք Նիկիոյ Տիեզերական առաջին ժողովին (325) Ե. կանոնի մէջ, ուր կը յիշուի «քառասնօրեայ»անունով: Աղեքսանդրիոյ եկեղեցւոյ նշանաւոր հայրապետներէն Ս. Աթանաս, 330ական թուականներուն բացայայտօրէն կը թելադրէ ժողովուրդին, որ նախքան Աւագ Շաբաթը, 40 օր պահք պահեն: Հայոց կանոնախումբի 8րդ յոդուածին մէջ կը կարդանք. «Առաքեալները կարգեցին եւ հաստատեցին քառասնօրեայ պահքը, որպէսզի հեռու մնան ամէն չարութենէ, մեղքէ եւ կերակուրներէ, նախքան Փրկչի չարչարանքի օրը Տիրոջ Պասէքը եւ Փրկչի յարութեան տօնը, որովհետեւ նոյնինքն Տէրն մեր Քրիստոս, Տէրը տօներու եւ տարեկան յիշատակութեանց, պահեց 40 օր եւ 40 գիշեր» (Կանոնագիրք Հայոց Ա. աշխատասիրութիւն Վազգէն Յակոբեանի, Երեւան 1964. էջ 32): Յետագայ դարերուն, եկեղեցիները հետեւելով առաքելական կանոնին, քառասնօրեայ պահքը պահեցին, սակայն ոչ միակերպ ու միաձեւ: Ե. դարու յոյն պատմիչ Սոկրատ կը յիշէ որ Մեծ Պահքի շրջանին ոմանք կը հրաժարէին կենդանական միսերէն, ուրիշները ձուկ կ’ուտէին եւ ոմանք ալ ձուկի հետ նաեւ հաւի միս: Թ. դարու Հռոմի եպիսկոպոսներէն Գրիգոր մեծ Պապը անուղղակիօրէն կը թելադրէ որ մեծ պահքին պէտք է հրաժարիլ միս եւ կենդանական արտադրութիւններ ուտելէ, այսինքն կաթ, պանիր, հաւկիթ, մածուն եւ նման բաներ:

Ընդանրապէս արեւելքի մէջ աւելի խիստ է եղած պահեցողութիւնը, մասնաւորաբար մեծ պահքը: Արեւելեան եկեղեցիներու մէջ, ընդ որս եւ Հայոց Եկեղեցիներու մէջ, պահեցողութիւնը եւ յատկապէս մեծ պահքը, դարերէ ի վեր խիստ կերպով պահուած է յատկապէս վանական հաստատութիւններու եւ ընդհանրապէս հաւատացեալ ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Առաջին դարերէն սկսեալ, եկեղեցին յատուկ եկեղեցական կանոններով թելադրած է իր հաւատացեալներուն թէ ինչպէս պէտք է քառասուն օր պահք պահել այդ պահքի ժամանակ սուրբերու յիշատակը չտօնել, ի բաց առեալ շաբաթ օրերուն պսակ չկատարել եւ ընդհանրապէս նախանձախնդիր ըլլալ որ պահոց շրջանին հաւատացեալները հոգեպէս պատրաստուին Տիրոջ յարութեան տօնին:

* * *

Հայաստանեայց եկեղեցին ունի պահքի յատուկ օրեր եւ շրջաններ, այսպէս.-

Ա. – Մեծ պահքը, կամ պաս, որ քառասնօրեայ պահք է. ասիկա կը կոչուի նաեւ քառասնորդական, քառասնորդք:

Բ.- Շաբաթապահք. մեր եկեղեցիին մէջ միաշաբաթեայ պահքի սովորութիւն կայ, որով եկեղեցական տնօրինական տօներուն նախորդող շաբաթը ընդհանրապէս պահք է, եւ ատոր համար շաբաթապահք կը կոչուի: Մեր եկեղեցին ունի 12 շաբաթապահք, Առաջաւորաց պահքն ալ ներառեալ, թէեւ Առաջաւորաց պահքը հաստատած է ինքը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, ի յիշատակ հայոց քրիստոնէութեան դարձին: 12 շաբաթապահքի աւանդութիւնը հաստատուեցաւ Ներսէս Բ. Բագրեւանդեցի կաթողիկոսի կարգադրութեամբ (Զ դար): 12 շաբաթապահքերէն հինգը տաղաւարներուն Տէրունի մեծ տօներուն է սահմանուած, այսպէս ծննդեան պահք, յարութեան պահք,որ Աւագ Շաբաթն է, Վարդավառի, Աստուածածնայ եւ Խաչի պահքերը: Չորսն ալ եղանակներու պահքեր են, այսպէս Գարնանամուտի՝ այսինքն Մեծ Պահոց Բ. շաբաթը, Ամառանամուտի՝ եղիական պահքը, Աշնանամուտի՝ Վարագայ խաչի պահքը, Ձմեռնամուտի, ժողովրդական կոչումով, Ս. Յակոբայ պահքը, մնացեալ երեք պաքերն են Առաջաւորաց պահքը, Յիսնակաց պահքը՝ որ ծննդեան մեծ պահքի առաջին շաբաթն է, (ժամանակին ծննդեան տօնը եւս կը կանխուէր յիսնօրեայ մեծ պահքով) եւ երրորդը Լուսաւորչի պահքը, որ մեր եկեղեցիին մէջ ի պատիւ սուրբերուն հաստատուած միակ պահքն է:

Գ.- Օրական պահք, Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերու պահեցողութեան սովորութիւնն է ատիկա եւ համաձայն առաքելական կանոններու, «Չորեքշաբթի օրը կը պահուի ի յիշատակ Քրիստոսի մատնութեան, իսկ Ուրբաթ ի յիշատակ իր չարչարանքներուն եւ թաղման»:

Մեծ կամ քառասնօրեայ պահքը նշուած պահքերէն ամէնէն երկարն ու ամէնէն կարեւորն է, որովհետեւ ան մեզ կ’առաջնորդէ Քրիստոսի յարութեան փառահեղ տօնակատարութեան: Մեծ պահոց շրջանին հաւատացալը պարտաւոր է զգուշանալու եւ հեռու մնալու միսէն եւ որոշ կերակրատեսակներէն: Մեր եկեղեցին պահոց համար արտօնած է բուսական արտադրութիւններ նաեւ բացառաբար մեղրը:

Մեծ պահոց շրջանի շաբաթ օրեուն սրբոց տօն կը կատարուի, սակայն պահքը չի լուծուիր: Մեծ պահոց ամբողջ շրջանին արտօնելի չէ խահքը լուծել:

Մեծ պահքը քրիստոնէական եկեղեցւոյ կեանքին մէջ այն յատկանշական շրջանն է, երբ հաւատացեալը կը հրաւիրուի ապաշխարութեան, խոկումի, ինքնաքննութեան եւ ներհայեցողական կեանքի, որպէսզի կարողանայ կեանքէն եկած դժուարութիւններուն յաղթահարել:

Մեծ պահոց շրջանին եկեղեցական արարողութիւնները եւս ողոքիչ են ու հաւատացեալին թելադրական տպաւորութեամբ ապաշխարութեան կը հրաւիրեն. ապաշխարութեան մեր շարականները որքան գեղեցիկ են ու հոգին հարստացնող:

Մեծ պահոց ամբողջ տեւողութեան, մեծ խորանի վարագոյրը փակ կը մնայ կը փակուին նաեւ քովի փոքր խորաններու վարագոյրները, կը կատարուի Արեւագալի եւ հսկումի հոգեթով ժամերգութիւնները: Եկեղեցւոյ մէջ կատարուող արարողութիւններու երգեցողութիւնը կը ստանայ յատուկ երանգ:

Մեծ կամ քառասնօրեայ պահքի նախորդող Կիրակին կը կոչուի Բուն Բարեկենդան, ի տարբերութիւն շաբաթապահքերու նախորդող կիրակիներուն, որոնք պարզապէս բարեկենդան կը կոչուին. եւ մեծ պահքը կը սկսի բուն բարեկենդանի յաջորդ Երկուշաբթի օրէն:

Բարեկենդան, բարի կենդանութիւն, բարի կեանք, ըստ Աճառեանի կը կոչուի նաեւ բարիկենդան եւ կը բացատտրուի հետեւեալ ձեւերով. « Պահոց, մանաւանդ մեծ պահոց նախորդ օրը՝ յատկացուած է ուրախութեան եւ զուարճութեան:

Իր կրօնական իմաստով՝ Բարեկենդանը մեզի կը յիշեցնէ մարդկային առաջին երջանկութիւնը Ադամ եւ Եւայով խորհրդանշուած: Ադամ եւ Եւայի դրախտային կեանքը նկարագրուած է պարզագոյն բառերով. «Աստուած դրախտ տնկեց եդեմի մէջ արեւելեան կողմը եւ այնտեղ դրաւ իր ստեղծած մարդը: Տէր Աստուած երկրին մէջ բուսցուց նաեւ ամէն տեսակի գեղատեսիլ ու համեղ միրգեր տուող ծառեր, իսկ կենաց ծառը բարիի եւ չարի գիտութեան ծառը, տնկեց դրախտի մէջտեղը…: Տէր Աստուած իր ստեղծած մարդը տեղաւորեց բերկրութեան դրախտին մէջ, որպէսզի ան մշակէ եւ պահպանէ զայն…: Ադամ եւ իր կինը մերկ էին եւ չէին ամչնար (ԾՆՆԴ. 2:2-9, 15ին 25):

ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ԿԻՐԱԿԻՆԵՐԸ

Մեծ պահոց իւրաքանչիւր Կիրակին ունի իւրայատուկ անուն, առնուած օրուայ Աստուածաշնչական հատուածի բովանդակութենէն:Այսպէս, երկրորդ Կիրակին կը կոչուի Արտաքսման Կիրակի,որ յիշատակն է մեր նախածնողաց ՝Ադամ եւ Եւայի դրախտային երջանիկ կեանքի՝ Եդեմէն արտաքսուելուն, որպէս արդիւնք իրենց անհնազանդութեան աստուծոյ պատուիրանին թէ « դրախտին մէջ ամէն ծառի պտուղներէն կրնաք ուտել, բացի բարիի եւ չարի գիտութեան ծառէն, որովհետեւ այն օրը երբ ուտէք ատկէ, մահկանացու կը դառնաք»: Ադամ եւ Եւան կերան «արգիլեալ ծառի պտուղէն» եւ արտաքսուեցան դրախտէն եւ իրենց անհնազանդեւթեամբ մեղքը աշխարհ մտաւ: հետեւաբար մեղքը Աստուծոյ կամքին եւ օրէնքին դէմ երթալն է, այլ խօսքով հեռանալն է Աստուծմէ, որ աղբիւրն է իրական երջանկութեան: Կ’րժէ որ մարդ կարդայ այդ արտաքսման պատմութիւնը, որ ըստ էութեան կարելի է ամէն մարդու կեանքի պատմութիւնը համարել:

Երրորդ Կիրակին կը կոչուի Անառակի Կիրակի, որու անունը վերցուած է Անառակ որդի առակէն, ուր կը պատմուի թէ ինչպէս մարդ մը երկու որդի ունէր, որոնցմէ կրտսերը օր մը ստիպեց հայրը, որ իրենց միջեւ բաժնէ ժառանգութիւնը եւ կրտսերը իր բաժինը վերցնելով օտար երկիր գնաց, ուր իր շուրջ համախմբուած ընկերներով շուտով սպառեց իր հարստութիւնը եւ հարստութեան սպառումով նաեւ առանձնութեան տագնապը ապրեցաւ,որովհետեւ բոլոր ընկերները հեռացան իրմէ: Առանձնութեան, թշուառութեան մէջ ճարահատեալ, սկսաւ խոզարածութեան. օր մըն ալ իր ծայրահեղ թշուառութեան մէջ անդրադարձաւ իր սխալին եւ վճռական որոշումը տուաւ իր հօրենական տունը վերադառնալու:

Նոր Կտակարանի ամենագեղեցին ու թանկագին գոհարներէն է Անառակի այս առակը, որ ինքնին փոքրիկ Աւետարան է: Անառակ, կորուսեալ որդւոյն վերադարձը, գիւտը, մարդ արարածի կեանքի պատմութիւնն է, որ ցոյց կուտայ Աստուծոյ հայրութիւնը, իր անսահման սիրով ու ներողամտութեան անչափելիութեամբ: Կ’րժէ կարդալ առակը, որպէսզի կարողանանք տեսնել անոր իւրահատկութիւնը:

Չորրորդ Կիրակին ծանոթ է Տնտեսի Կիրակի անունով. ասիկա եւս իր անունը ստացած է նոյն օրուայ Աւետարանական գլխաւոր առակէն, Անիրաւ տնտեսի առակէն, ուր Քրիստոս չար մարդու կեանքի օրինակով ցոյց կուտայ աստուածաշնչային ճշմարտութիւնը, այսինքն կը թելադրէ օգտագործել նիւթական հարստութիւնը, ի խնդիր յաւիտենական արժէքներու:

Հինգերորդ Կիրակին նուիրուած է Աղօթքի գաղափարին, որով Յիսուս իր հետեւորդներուն կը թելադրէ միշտ անձանձրոյթ աղօթել, որովհետեւ աղօթքը կապն է մարդու եւ Աստուծոյ միջեւ, քայլ մը դէպի առաջ նետուած՝ դէպի արքայութիւն: Աղօթքի յարատեւութեան մասին երբ կը խօսի, Յիսուս կը պատմէ Անիրաւ դատաւորի առակը, ուր այրի կին մը հաւատալով իր դատի իրաւացիութեան, անընդատ ու հաստատակամ կը թակէ անիրաւ դատաւորի դուռը, որ օր մըն ալ ծունկի կուգայ այրի կնոջ պահանջքի առջեւ եւ իր դատը կը տեսնէ:

Վեցերորդ կիրակիին տրուած է Գալստեան Կիրակի անունը, որով եկեղեցին մէկ կողմէ Քրիստոսի առաջին Գալուստը կը յիշեցնէ հաւատացեալներուն իր բովանդակ էոըթեամբ եւ միւս կողմէ զանոնք կը զգուշացնէ Երկրորդ գալստեան նկատմամբ, որովհետեւ մենք կը հաւատանք որ Քրրիստոս, «պիտի գայ նոյն մարմնով եւ Հօր փառքով դատելու ողջերն ու մեռեալները»:

Մեծ պահոց վերջին շաբաթը, որ կը սկսի Ղազարի Յարութեան յիշատակի ոգեկոչումով եւ կը զուգադիպի Ծաղկազարդի նախորդ օրուան, կը կոչուի Աւագ Շաբաթ, որու իւրաքանչիւր օրը նուիրուած է Տիրոջ կեանքի վերջին օրերուն պատահած տնօրինական դրուագներուն: Ծաղկազարդը Քրիսոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակն է: Ծաղկազարդը նոր օրերու աւանդութեամբ նուիրուած մանուկներուն եւ հետեւաբար այդ օրը ամէն տեղ ծնողները իրենց մանուկները եկեղեցի կը բերեն, որպէսզի անոնք մասնակցին պատարագի թափօրին եւ աստուածային օրհնութիւն ստանան:

Մեծ պահքի կեսը կը կոչուի միջինք, որ կրօնական յատուկ իմաստ չունի, այլ պարզապէս կը յիշեցնէ որ պահքը իր կէսին հասած է: Միջինքէն սկսեալ, համաձայն եկեղեցական տօնացոյցի, խաղաղական ժամերգութեան աւարտին ստեղի շարական կ’երգուի:

Մեծ պահոց այս շրջանին հաւատացեալ քրիստոնեան հրաւիրուած է աղօթքի, ապաշխարողական կեանքի, Աստուածաշունչի ընթերցանութեան, այլ խօսքով հոգին զօրացնեղ աստուածահաճ աշխատանքին, որպէսզի սրբուած ու մաքրուած հոգիով ու սրտով կարողանայ դիմաւորել իր Փրկչին՝ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ յարուաթիւնը:

Մեծ պահոց հետ կապուած աւանդական ու ազգագրական սովորութիւններու, ինչպէս բարեկենդանեան աւանդութիւններ, Միջինքի յատուկ սովորութիւններ, պահպանումն ու վերակենդանացումը մեզ աւելի կը կապեն մեր ազգային-եկեղեցական ինքնորոյնութեան եւ հայրենական արժէքներուն:

Հատկորոշիչներ՝ պահք

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

Պահոց հանդուրժողականություն

Ադամ քահանա Մակարյան  Պահքի հետ կապված մեր...

Դատավորի կիրակի

Ավետարանական Անիրավ դատավորի առակի համառոտ բացատրություն։ Առակը հարատև աղոթքի հորդոր է հնչեցնում։ Հեղինակ՝ Ադամ քահանա Մակարյան, «Քրիստոնեության իսկությունը» գրքից։

Եղիական պահք

Հայ Եկեղեցու կողմից սահմանված չորս եղանակի...